Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Եբր 1.10):

«Ներկայիս այդ Սրբարանը բաց է մեր առջեւ» ( Եբր 9.9)

Սրբազան Պօղոս առաքեալ՝ Եբրայեցիներուն նամակի իններորդ եւ տասներրորդ գլուխներուն մէջ, հոգեւոր մաքրութեան, մեղքերէ սրբուելու եւ հոգիի փրկութեան խորհուրդները հասկնալի կերպով բացատրելու համար բաղդատական մը կ’ընէ Հին Ուխտի եւ Նոր Ուխտի ըմբռնումներուն միջեւ:

Հին Ուխտի մէջ մեղքերու թողութիւնը կը կատարուէր զոհերու արիւնով, որ սրբութեան խորանէն ներս, քահանաներուն ձեռքով ամէն օր կ’ընծայուէր Աստուծոյ, եւ տարին օր մը միայն՝ քահանայապետի ձեռքով, Սրբութիւն Սրբոց խորանէն ներս:

Առանց արիւնի, չկար թողութիւն: Սակայն զոհերու արիւնը, առանց հաւատքի եւ զղջումի չէր կրնար մեղքերու թողութիւն պարգեւել. Մարգարէն շատ յստակ բառերով կը պատգամէր. «Քանզի ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՛ զոհ» (Ովս 6.6):

Զոհերու արիւնը սրսկելու համար միայն քահանայական դասը մուտք կը գործէր Սրբարան:

Սակայն Քրիստոս Իր պատուական եւ Սուրբ արիւնով լուաց մեղքի աղտեղութիւնը, մաքրագործեց մարդոց հոգեկան մեղքերը եւ Սրբարանէն ներս հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները անխտիր, ըլլան անոնք եկեղեցական թէ աշխարհական, պայմանաւ որ պահած ըլլան անոնք սրտի ու հոգիի անմեղութիւնն ու սրբութիւնը:

Քրիստոս որպէս քահանայապետ եւ զոհ, մէկ անգամ պատարագուեցաւ  եւ արեան հեղումով յաւիտենական փրկութիւն շնորհեց բոլորիս: Այդ պատճառով, առաքեալը հոգեկան անհուն ցնծութեամբ կը դիմէ հաւատացեալներուն, ըսելով. «Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, Յիսուսի արիւնով՝ այլեւս ազատ ենք Սրբարանը մտնելու» (Եբր 10.19):

Բայց ի՞նչ է անձիդ սրբարանը:

Սրբարանը առաջին հերթին Եկեղեցին է, Աստուծոյ տունը, որ աղօթքի տուն է, ուր հաւատացեալը երկիւղածութեամբ կը մտնէ աղօթելու համար:

Սրբարանը Ս. Խորանն է, ուր քահանան՝ Քրիստոսի արեան շնորհիւ, համարձակութիւն ունի մտնելու եւ պատարագ մատուցանելու:

Սրբարանը այլաբանական իմաստով՝ Ս. Հաղորդութիւնն է, որու շնորհիւ կը միանանք Քրիստոսի: Ան մեր մէջ կը բնակի եւ մենք՝ Իր մէջ:

Եւ վերջապէս, Սրբարանը երկնքի արքայութիւնն է, ուր բարի հոգիները՝ Քրիստոսի արեան շնորհիւ, մուտք կը գործեն:

Ուստի, Քրիստոսի փրկարար եւ Սուրբ արեան շնորհիւ՝ բոլորս համարձակութիւն ունինք մտնելու Սրբարանէն ներս եւ զինք փառաւորելու:

Փառք Քրիստոսի, որ աստուածային անսահման սիրոյն պատճառով, կենարար արիւնով փրկագործեց մեզ:

Ասկէ ետք երբեք չյուսահատինք եւ չկասկածինք Քրիստոսի՝ մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյն վրայ, եւ մեր յոյսերը Իր վրայ դրած՝ պայքարինք մեղքի դէմ, մաքուր պահենք մեր սրտերն ու հոգիները, որպէսզի համարձակութիւն ունենանք մտնելու Սրբարաէն ներս: փառաւորելու Սրբութիւն Սրբոց՝ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս. ամէն:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան