Պետրոս Առաքեալի Նամակէն

«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին» (Ա. Պտ 5.7):

Պետրոս առաքեալի առաջին ընդհանրական նամակէն վերոյիշեալ համարը կը պատուիրէ, թէ Աստուծոյ վստահելով երբեք չի մտահոգուինք: Երբ մեղքի հետեւանքով ու ամէնօրեայ մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուինք, դրսեւորած կ’ըլլանք մեր կասկածամտութիւնը՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած վստահութեան: Սակայն ապաշխարութեան ճամբով ու Աստուծոյ կամքին հնազանդելով՝ փարատած կ’ըլլանք ամէն տեսակի մտահոգութիւն, ստոյգ գիտնալով, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ 1.37):

Պօղոս առաքեալ, հակառակ որ կը գտնուէր բանտի մէջ եւ կը կրէր ամէն տեսակի նախատինք ու հալածանք, մեզի կը թելադրէ ըսելով.« Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք» (Փլպ 4.6):

Անկասկած, իւրաքանչիւրս մտահոգութիւններ ունինք. բոլորովին անհոգ գտնուիլը անտարբերութեան նշան է: Սակայն առաքեալը վերոյիշեալ համարով մեզի կը հրաւիրէ մեր մտահոգութիւնները աղօթքի ճամբով Աստուծոյ վստահինք:

Յատկանշական է Սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքը. «Քու հոգդ Տիրոջ վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի չսասանեցնէ» (Սղ 55.22):

Լերան քարոզին՝ Յիսուս խօսելով աշխարհիկ մտահոգութիւններու մասին, կը թելադրէ չմտահոգուիլ բոլոր այն կարիքներով, որ արդէն Աստուած աւելիով կու տայ մեզի. « Մի մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ինչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար, թէ ինչ պիտի հագնիք»: «Ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար» (Մտ 6.25): Մտահոգուելով մեր մտքերը կը ծանրաբեռնենք, մեր ժամանակը կորուստի կը մատնենք, կը կասեցնենք մեր գործունէութիւնը: Մեզի կեանք պարգեւող Աստուծոյ վստահելով է, որ կրնանք դիմակալել կեանքէն եկած դժուարութիւններն ու մարտահրաուէրները:

Մեզի ձգուած է նախընտրութիւն մը կատարել, հոգեւորի եւ մնայունի, նիւթականի եւ անցողակի արժէքներու միջեւ: «Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու  ծառայել» (Մտ 6. 24), կ’ըսէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս: Երկուքը միասին ձեռք ձգելը դժուար է մեզի արարածներուս համար, Աստուծոյ վստահելով եւ հնազանդելով կրնանք ապահովել մեր հոգիներու փրկութիւնը եւ ապահով զգալ Իր ներկայութեամբ:

Ապա մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Մտահոգուիլը կանգուն մը կ’երկարէ՞ ձեր հասակը: Եթէ նուազագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուիք» (Ղկ 12.25-26): Միայն Աստուծոյ վստահելով է, որ կրնանք ձերբազատուիլ մեր դիմաց ծառացած դժուարութիւններէն:

Հետեւաբար, Քրիստոս Աստուծոյ վստահելով, կրնանք մեր հոգեկան եւ մարմնական հանգիստին արժանանալ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան