«Ծառայութիւն» բառը իր ընդհանրական իմաստով շատ ալ ընդունելի երեւոյթ մը չէ մարդկային ընկալումին մէջ։ Շատերու համար՝ ուրիշին ենթարկուիլը, սպասաւորելն ու հրաման կատարելը կը դիտուի իբրեւ արժանապատուութիւնը նսեմացնող վիճակ։ Անձնական ազատութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը եւ գերակայութեան զգացումը այսօրուայ մարդուն համար բարձրագոյն արժէքներ են։ Այդ պատճառով է, որ «ծառայել» խօսքը յաճախ մերժելի ու ստորացուցիչ գաղափար կը նկատուի։
Սակայն՝ հակառակ այս մարդկային ընկալումներուն, Սուրբ Գիրքը, եկեղեցական աւանդութիւնը եւ մեր հոգեւոր առաջնորդները հաւատարմօրէն կը բարձրացնեն Աստուծոյ ծառայելու պատգամը՝ զայն ներկայացնելով որպէս մարդ արարածին կոչումը, պատիւը եւ գերագոյն պարտականութիւնը։
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ՝ ծառայել Աստուծոյ։
Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ՝ հնազանդիլ անոր կամքին, ապրիլ համաձայն իր խոստումին, ըմբռնել ու իրագործել իր սուրբ ծրագիրը մեր կեանքին մէջ։ Սակայն ճշմարտութիւնը այն է, որ այս հնազանդութիւնը դիւրին չէ։ Կեանքի ընթացքը լեցուն է փորձութիւններով, խաբուսիկ գայթակղութիւններով եւ անձնական նախասիրութիւններով, որոնք մեզ կը դրդեն մեր կամքը գերադասելու՝ քան Աստուծոյ կամքը։ Բոլորս ալ անցած ենք այն խաչմերուկներուն մէջէն, ուր մեր մարդկային նախընտրութիւնները առաջնորդած են մեզ՝ քան աստուածային կամքը։
Մարդոց ծառայելը պարզապէս ենթարկուիլ կամ սոսկ սպասարկութիւն չէ անշուշտ. աւելի խոր իմաստ մը ունի. ծառայել՝ կը նշանակէ օգտակար ըլլալ, սէր ցուցաբերել, եւ կարիքաւորին ձեռք մեկնել։ Բայց այս մօտեցումն անգամ կը կարծուի «թուլութեան» նշան. մեր ժամանակակից մտածելակերպը յաճախ քաջալեր կը ներկայացնէ միայն ինքնահաստատումը, ոչ թէ ծառայութիւնը։
Ուրեմն ի՞նչ կը նշանակէ ծառայել Աստուծոյ, որ ամէն ինչի ստեղծիչն է եւ ինքնաբաւ։ Կը նշանակէ տալ ոչ թէ այն, ինչ Աստուած պակաս ունի (որովհետեւ կատարեալ է Աստուած), այլ տալ ինքզինք որպէս կենդանի, սուրբ եւ ընդունելի պատարագ (Հռոմ. 12.1)։ Աստուած մեր ծառայութիւնը կը պահանջէ ոչ թէ որովհետեւ պէտք ունի մեզի, այլ որովհետեւ կ’ուզէ պատուել մեզ՝ Իր գործակիցները նկատելով։
Լսա՞ծ էք երբ մարդիկ կ’ըսեն. «պատիւ է ինծի քեզի հետ աշխատիլը»։ Ահա այդպիսի պատիւ մըն է Աստուծոյ հետ գործակցիլը։ Ծառայութիւնը մարդկային աչքերով խոնարհեցնող կը թուի, բայց Աստուծոյ աչքերով՝ բարձրացնող է։ Քրիստոնէական ծառայութիւնը նուաստացում չէ, այլ՝ Աստուծոյ արքայութեան մէջ մեծութեան ճամբայ։ Չէ՞ որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ. «Ով որ կ’ուզէ մեծ ըլլալ ձեր մէջ, թող ձեր ծառան ըլլայ» (Մտթ. 20.26)։
Քրիստոնէական ծառայութիւնը կը սկսի ճշմարիտ ինքնաճանաչումէն եւ Աստուծոյ կամքին նախանձախնդիր որոնումէն։ Բայց որպէսզի իսկապէս ծառայենք Աստուծոյ, առաջին քայլը այն է, որ իր ծառաները դառնանք՝ խոնարհելով մեր էութիւնը ու պատրաստուելով ըսելու՝ «Ահա ես, ուղարկէ զիս» (Եսայի 6.8)։
Եւ վերջապէս, Աստուծոյ համար մեր ծառայութիւնը պարծենալու աղբիւր պէտք չէ ըլլայ։ Երբ մեր միջոցաւ գործ մը կը կատարուի՝ պէտք չէ մտածենք, թէ մենք ենք այդ գործի հեղինակները։ Քանի ըստ Տիրոջ խօսքին՝ «Առանց Ինծի, դուք ոչինչ կրնաք ընել» (Յհ. 15.5)։ Իւրաքանչիւր բարի գործ, զոր մենք կը կատարենք, իրականութեան մէջ Աստուծոյ ներշնչումն է եւ զօրութիւնը մեր մէջ։ Առաքեալները իրենց առաքելութիւնը կատարեցին ոչ իրենց ուժով, այլ Յիսուսի գործօն ներկայութեամբ։ Մարկոս Աւետարանիչ կը վկայէ. «Անոնք աշխարհի բոլոր կողմերը երթալով՝ Տիրոջ գործակցութեամբ Աւետարանը կը քարոզէին» (Մկ. 16.20)։
Պօղոս առաքեալ, Քրիստոսի մեծագոյն ծառաներէն մէկը, կը վկայէ թէ «Մենք Աստուծոյ գործակիցներն ենք» (Ա. Կր. 3.9)։ Ուրիշ տեղ կ’աւելցնէ. «Աստուած ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր կամքին եւ առաջադրած ծրագիրին» (Եփ. 1.11)։ Հետեւաբար, երբ Աստուած է որ կը գործէ մեր միջոցաւ, ապա մեր ծառայութիւնը կ’ըլլայ իրագործում իր փրկարար ծրագիրին։ Մենք գործիք ենք իր ձեռքերուն մէջ, եւ երբ պատրաստ ենք ծառայելու, Աստուած ինք պիտի ստեղծէ առիթները, ուր մեր ծառայութիւնը կ’ունենայ իմաստ եւ արգասիք։
Աստուած մեզ կը հրաւիրէ ծառայելու՝ ոչ միայն զԻ՛նք փառաւորուելու համար, այլ՝ մեզ փոխելու եւ սրբացնելու համար։ Ծառայութիւնը կը սրբէ, կը խոնարհեցնէ, Աստուծոյ աչքին կը բարձրացնէ եւ Աստուծոյ արքայութեան ժառանգակից կը դարձնէ։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան