Ամէն Սուրբ պատարագ կամ եկեղեցական արարողութիւն Աստուծոյ նուիրուած պաշտամունք մըն է։ Մտածած ենք երբեւէ, թէ ինչո՞ւ պաշտամունք կը կատարենք, կամ աւելի ընդհանրացած բառերով՝ զԱստուած կը պաշտենք. Ինչո՞ւ կը մօտենանք Անոր աղօթքով ու երգեցողութեամբ։ Խորհա՞ծ ենք, թէ ինչո՞ւ կ’ուզենք որ ուրիշներն ալ միանան մեր պաշտամունքին։
Պաշտամունքը՝ Աստուծոյ մատուցուած յարգանքի, սիրոյ եւ երկրպագութեան արտայայտութիւն է։ Երբ կը պաշտենք, կը վկայենք թէ մեր կեանքին մէջ ամենէն գերագոյն արժէքն է եւ միակ արժանին՝ փառքի եւ գոհաբանութեան։
Պաշտամունքը Աստուած «իրականութիւն» կը դարձնէ։ Ի հարկէ, այս արտայայտութիւնը չառաջարկէր որ Աստուած իրականութիւն կը դառնայ միայն երբ Զինք պաշտենք։ Աստուած յաւիտենականօրէն գոյ է, անկախ մեր վերաբերմունքէն։ Բայց երբ կը պաշտենք Զայն, անոր գոյութիւնը կենդանի ներգործութիւն կը դառնայ մեր կեանքին մէջ. մեզի՛ համար իրականութիւն կը դառնայ, որովհետեւ կը գիտակցինք որ Ան գոյութիւն ունի։ Ուրեմն, պաշտամունքը կամուրջ մըն է մեր եւ Աստուծոյ միջեւ՝ այն պահը որ մեր հաւատքը կը կենդանանայ եւ գիտակցութիւնը խօսքէ կեանքի կը փոխուի։ Ուրեմն, պաշտամունքը մեր հաւատքի արտայայտութիւնն ու գործադրութիւնն է։
Եթէ արդարօրէն մտածենք, մեզմէ ոչ ոք կատարեալ բարեկամութիւն ունի Աստուծոյ հետ։ Պաշտամունքը այն ուղին է, որ Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը կը խորացնէ։ Երբ շարական կ’երգենք, աղօթք կ’արտասանենք, կը յուսանք որ անոնց բովանդակութիւնը միայն բառերու հնչիւններ չեն մնար, այլ կը վերածուին կեանքի ոճի մը, որուն ճամբով Աստուծոյ հետ մեր կապը աւելի կը սերտանայ ու կ’ամրանայ։
Պաշտամնունքը նաեւ ճշմարտութիւնը որոնելու հաւաքական ճամբայ մըն է։ Թէպետեւ կարելի է առանձին աղօթել ու պաշտել, կ’արժէ յիշեցնել, որ Քրիստոսի յարութենէն ետք՝ առաջին քրիստոնեաներուն համար պաշտամունքը հաւաքական փորձառութիւն մըն էր։ Անոնք միասին կ’աղօթէին, միասին կը սորվէին, հաց կը կտրէին ու կը կիսէին։ Պաշտամունքը իրենց համար միայն երկիւղածութեան արտայայտութիւն չէր, այլ նոր կեանքի մը երեւոյթը, ուր ամէն հաւատացեալ ինքզինք միացած կը զգար Քրիստոսի եկեղեցիին՝ կազմուած բոլոր հաւատացեալներէն։ Արդ, պաշտամունքը անոնց համար խորացում էր ոչ միայն անհատի մը հոգեւոր կեանքին, այլեւ համայնքին միութեան, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը աւելի կենդանի կը դառնայ։ Ահա թէ ինչու պաշտամունքը պէտք է նկատել ոչ միայն սովորութիւն կամ պարտականութիւն, այլ հնարաւորութիւն՝ վերագտնելու մեր հոգեւոր ինքնութիւնը եւ վերապրելու Աստուծոյ հետ ու Աստուծոյ ժողովուրդին հետ մեր յարաբերութիւնը։
Պաշտամունքը նաեւ գործնական Աստուածաբանութիւն մըն է։ Աստուածաբանութիւնը Աստուծոյ մասին կը սորվեցնէ. նոյն բանը կ’ընէ պաշտամունքը։ Երբ կը պաշտենք, մեր սրտերը կ’ուղղուին դէպի Աստուած. զանազան հարցումներ կը ծագին մեր մէջ. կը փափաքինք հասկնալ թէ ի՞նչ է, ինչո՞ւ է կամ ո՞վ է Աստուած։ Կը պրպտենք ու պատասխաններ կը գտնենք, կը հարցնենք եւ բացատրութիւններ կ’ակնկալենք, կամ աղօթքներէն շատ բան կը հետեւցնենք մեր հարցերուն մասին։ Սակայն, պէտք չէ ակնկալել որ պաշտամունքները դասընթացք ըլլան։ Պաշտամունքը Աստուծոյ խորհուրդին մէջ մուտք գործել է. խորհուրդ մը, որ ամբողջութեամբ չենք կրնար հասկնալ. Խորհուրդ մը, որ անվերջ կը հրապուրէ եւ անվերջ խորք ունի. անոր մէջ կը խորանանք բայց կը տեսնենք թէ տակաւին աւելին կայ խորանալու. կը կշտանանք, բայց երբէք չենք բաւարարուիր։
Պաշտամունքը նաեւ գործնական փորձառութւին մըն է։ Ոչ այնքան վերլուծելի, որքան ապրելի. պէտք է պարզապէս ապրիլ զայն, որպէսզի մեր զգացումներուն հետ ձեւաւորէ մեր մտածելակերպն ու Աստուծոյ նկատմամբ մեր մօտեցումը։ Այլ խօսքով՝ պաշտամունքը կը փոխէ մեզ, մեր հայեացքը Աստուծոյ մասին կը զարգանայ, կը խորանայ, միշտ նոր բաներ կը բացայայտենք։ Ահա թէ ինչո՞ւ կ’ըսենք՝ Քրիստոնէութիւնը կեանք է։ Չի բաւեր միայն գիրքեր կարդալ կամ մտքով ճանչնալ Աստուած։ Պէտք է ապրիլ զայն. իսկ ապրելու համար, պաշտամունքը անկարելի է շրջանցել։ Հոն տեսութիւնը կը դառնայ կեանք եւ գաղափարը՝ ընթացք։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան