Լիբանանի համակեցութեան պատկերը պարզող միջ-համայնքային հանդիպումները կարեւոր տեղ կը գրաւեն լիբանանեան ընկերութեան կեանքին մէջ: Արդ, իսլամ համայնքին պահեցողութեան շրջանը առիթ ունենալով, Լիբանանի պետական բարձրաստիճան պատասխանատուները եւ կրօնական հեղինակութիւնները իֆթարի յատուկ ճաշկերոյթներ սարքեցին՝ համախմբելու երկրին հոգեւոր պետերը, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու պատասխանատուները ու հասարակական գործիչները:
Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի նախագահ Զօր. Ժոզէֆ Աունի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտուլ Լաթիֆ Տըրեանի եւ տիւրզի համայնքապետ շէյխ Սամի Ապու Ալ-Մունայի տուած իֆթարներուն: Յիշեալ հաւաքներու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ պետական, համայնքային ու դիւանագիտական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։