Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ (Եգիպտոս), մասնակցելու հայ, ղպտի ու ասորի ուղղափառ եկեղեցիներու գործակցութեան կառոյցի տարեկան նիստին, ինչպէս նաեւ Նիկիոյ տիեզերական առաջին սուրբ ժողովի 1700 ամեակի նշման հանդիսութիւններուն:

Վեհափառ Հայրապետը կը գլխաւորէ տասը եպիսկոպոսներէ ու երեք վարդապետներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: