Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Ասորի ուղղափառ քոյր եկեղեցին եռօրեայ զանազան ձեռնարկներով գահակալութիւնը կատարեց Հնդկաստանի Մալանքարա ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պասիլիոս Ժոզէֆ արքեպիսկոպոսին: Ընդառաջելով Ն.Ա.Տ. Աֆրամ Բ. Պատրիարքի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հոգեւոր հայրերէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, մասնակցեցաւ արքեպիսկոպոսի գահակալութեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Աթշանէի ասորի Պատրիարքարանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Երեքշաբթի, 25 Մարտ 2025-ին:

Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան ու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գրասենեակի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի ու Սուրիոյ քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր, հնդկաստանէն ժամանած պետական պատասխանատուներ ու եպիսկոպոսներ:

Գահակալութեան նախորդող երեկոն յատկացուած էր պաշտօնական ընթրիքի՝ ի պատիւ հնդիկ նորընտիր կաթողիկոսին: Սոյն ընթրիքին Նորին Սրբութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան:

Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2025-ին, կայացաւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ սինոտի նիստը: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցաւ Հնդկաստանի Մալանքարա ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ ծայր տուած տագնապը: Յիշեալ ժողովին, յատուկ հրաւէրով եւ օրհնութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Հնդկաստանի եկեղեցւոյ առնչուած նիստին ներկայ գտնուեցան Մակար սրբազանը եւ հայր Սարգիսը: