Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, անցնող օրերուն, 10-13 Յունիս 2025-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու կայացած նիստերու շրջագիծին մէջ, այսօր՝ Ուրբաթ, 13 Յունիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ ու օրհնութեամբ կատարուեցաւ հիմնարկէքը Պէզիքեան Կեդրոնին: Արարողութեան ներկայ էին յիշեալ կեդրոնի բարեար ընտանիքի անդամներ՝ Ալէքքօ Պէզիքեան, իր զաւակը Զարեհ եւ թոռը Անի Պէզիքեաններ, ինչպէս նաեւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները, թեմակալ առաջնորդները ու թեմերու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչները:

Այս առիթով արտասանած հայրապետական իր օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ Պէզիքեան ընտանիքը՝ Ալէքքօն ու իր տիկինը՝ Անին, մեր Սուրբ Աթոռին մեծագոյն բարերարներէն եղած են եւ այսօր անոնց զաւակը՝ Զարեհը, նոյն ոգիով կը շարունակէ՝ հետեւելով իր ծնողքին օրինակին։ Հանգուցեալ Անին մնայուն ներկայութիւն եւ մղիչ ոյժ եղած է այս ընտանիքին կատարած բոլոր բարերարութիւններուն։ Ալէքքօն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարեկամներէն մէկը եղած է եւ է։

Նշենք, որ Պէզիքեան Կեդրոնը պիտի ներառէ հանդիսասրահ, բազմանպատակ սրահ, համագումարներու ու ժողովական հանդիպումներու յատուկ սրահներ, հիւրասենեակներ եւ յարակից այլ կարելիութիւններ՝ ներկայ ճարտարագիտական առաւելութիւններով օժտուած: