ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ ԿԱՄ ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ

Զատկուան յաջորդ Կիրակին, որպէս Փրկիչի Յարութեան տօնին յաջորդող առաջին Կիրակին՝ կը կոչենք Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ:

Իսկ ինչո՞ւ Նոր Կիրակի:

Կիրակի կամ Կիւրակէ յունարէն է եւ կը նշանակէ Քրիստոսի Յարութեան նուիրուած օր: Նախապէս կիրակի բառը տարածուած չէր, այլ փոխարէնը՝ Միաշաբաթը, որպէս շաբթուան առաջին օր: Քրիստոս մեռելներէն Յարութիւն առաւ Միաշաբաթ օրը: Յետագային է, որ Միաշաբաթի փոխարէն տարածուեցաւ յունարէն Կիրակի բառը:

Յիսուս Յարութենէն ետք յաճախակի առիթներով երեւցած էր թէ՛ իր աշակերտներուն եւ թէ՛ այլ հաւատացեալներու: Ան երկինքէն իջնելով զիրենք օժտեց աստուածային շնորհքներով, ինչպէս կանխաւ խոստացած եւ ըսած էր. «Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը: Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի» (Մր 16.15): Մէկ շաբաթ անց, առաքեալները վախնալով հրեաներէն, դուռ-պատուհան փակելով, կ’ապաստանին  վերնատան  մէջ, այդ օր իրենց կը յատնուի Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս: Այդ օր այնտեղ էր նաեւ Թովմաս առաքեալը, որ Յիսուսը չէր տեսած Յարութենէն ի վեր: Յիսուսի նախորդ յայտնութեան մասին առաքեալները իմացուցած էին Թովմասին, սակայն Թովմաս ըսած էր. «Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին՝ չեմ հաւատար» (Յհ 20.25): Յաջորդ հանդիպումին, Տէրը կը կանչէ Թովմասին եւ կ’ըսէ. «Մատդ բեր՝ հո՛ս դիր եւ տե՛ս ձեռքերս. բե՛ր ձեռքերդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի՛ ըլլար, այլ՝ հաւատացեալ: Թովմաս բացագանչեց. Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս: Յիսուս ըսաւ անոր.-Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան» (Յհ 20.27-29): Հետեւաբար, առաքեալներուն ինչպէս նաեւ քրիստոնէութեան դիմաց նոր կեանք եւ նոր հորիզոններ բացուելուն պատճառաւ այս կիրակին կը կոչուի՝ Նոր Կիրակի:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստ երկարող յիսուն օրերը կը կոչէ՝ ՅԻՆՈՒՆՔ, այսինքն յիսուն օր: Յիսուն օրերն ալ նուիրուած են Քրիստոսի Յարութեան եւ այս ընթացքին պահք չենք պահեր:

Յինունքի եօթը կիրակիները առանձին անուններ ունին, կը կոչուին հետեւեալ անուններով.-Նոր Կիրակի կամ կրկնազատիկ, Աշխարհամատրան կամ կանաչ կիրակի, Կարմիր Կիրակի, Երեւման Ս. Խաչի, Համբարձում հինգշաբթի օր, Երկրորդ Ծաղկազարդ, Հոգեգալուստ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան