«Անոր համար ամէն դպիր որ երկնքի թագաւորութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը, որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ»։
Կան համարներ Սուրբ Գիրքին մէջ, երբ Քրիստոս մեր կոչումը կը մատնանշէ՝ սակայն մենք տակաւին չէինք հասկցած թէ այդ կոչումը ի՞նչ է։ Մատթէոս Աւետարանի 13.52-ը այդպիսի պահ մըն է։
Յիսուս կը նկարագրէ նոր տեսակ դպիր կամ քերթող մը, որ ոչ միայն այն անձն է, որ տեքստերը կը փոխադրէ կամ աւանդութիւնը կը պահէ, այլ՝ մէկը, որ Աստուծոյ արքայութիւնը տարածելու համար պատրաստ է։ Ասիկա դպիր մըն է, որ Հին Ուխտը լաւապէս ուսանած է, բայց նաեւ նորով կը սնանի։ Ան նման է տանտէրին, որ իր գանձերուն մէջէն դուրս կը բերէ հիներն ու նորերը—երկուքն ալ արժէքաւոր։ Այսինքն, Յիսուս ըսել կ’ըսէ թէ Աւետարանիչը, քարոզիչը եւ Քրիստոնեան, կոչուած են Հին եւ Նոր Ուխտերուն քաջածանօթ ըլլալու եւ անոնց անքակտելի միութեամբ մը ընդելուզելու եւ հրամցնելու հաւատացեալներուն։
Յիսուսի մարդեղացումէն առաջ, Իսրայէլացիները կը սնուէին Հին Կտակարանի օրէնքներով եւ մարգարէութիւններով, իսկ իր երեք տարուան տնօրինական առաքելութենէն ետք՝ ինք կատարելագործելով օրէնքներն ու մարգարէութիւնները, եկաւ Նոր Ուխտը կնքելու եւ հիմնաւորելու։
Չէ՞ որ, մեր առաքելութիւնը այսօր նոյնն է։
Մենք ժառանգորդներն ենք Հայ Եկեղեցւոյ գանձերուն—խոնարհ սուրբերու ձեւաւորած արարողութիւններ, միստիկներու հնչեցուցած շարականներ եւ աստուածաբանութիւն մը՝ որ դիմակայած է կայսրութիւններու, ցեղասպանութեան ու տարագրութեան դառնութիւններն ու տառապանքները։ Ասոնք են մեր հին գանձերը։ Բայց Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ՝ նաեւ նորը բերել, նոր խօսք, նոր բացատրութիւն, նոր ձեւեր՝ անփոփոխ ճշմարտութիւնը այսօրուան աշխարհին փոխանցելու։
Երկնքի արքայութեան դպիրը հինը չի փոխարիներ նորով։ Ան կ’ամուսնացնէ զանոնք։ Արձանագրեալ աւանդութենէն ջուր կ’առնէ՝ կենդանի ջուր մատակարարելու համար։ Ան կը գրէ, կը քարոզէ, կը դասախօսէ այս սերունդին լեզուով, առանց կորսնցնելու իր արմատները։
Այսպիսին ըլլալը՝ գանձարան պահող ըլլալ չէ, այլ կենդանի տունի մը հաւատարիմ տնտեսը։
Կ’ապրինք ժամանակներու մէջ, ուր ականատես կը դառնանք Քրիստոնեայ արժէքներուն գունաթափման, եւ կարգ մը երկիրներու մէջ իսկ՝ անոր հալածման։ Այսօր երբ ցաւալի երեւոյթներ ալ կը պարզուին մեր Հայրենիքին մէջ, մենք որպէս Հայ Քրիստոնեայ զաւակներ, գիտակցօրէն պէտք է ապրինք հաւատքը դրսեւորելով մեր առօրեայէն ներս, մեր միւռոնաթոյր ճակատները սէգ պահելով ու մեր գործերուն ընդմէջէն կառչած մնալով մեր հաւատալիքներուն։
Արքայութիւնը անցեալ յուշ մը չէ։ Արքայութիւնը հիմա է՛, ներկա՛ն է։
Եւ ան որ պատրաստուած է անոր համար, պէտք է խօսի թէ՛ գրքի, թէ՛ Հոգիի, թէ՛ յիշողութեան եւ թէ՛ առաքելութեան լեզուով։
Ուստի եղի՛ր դպիր այս պահուն համար—
Հողին մէջ արմատաւոր, բայց երկինքին դէպի բացուած։
Յարատեւ՝ բայց շարժուն։
Հաւատարիմ՝ եւ Հոգեգալստեան հրեղէն ոգիով լեցուն։
Տարօն Սրկ. Հալլաճեան