ՆՈՐԱԳԻՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈԻԹԻՒՆ

Կիրակի, 9 Փետր. 2025-ի կէսօրին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գրասենեակ այցելեցին խումբ մը նորագիր անդամներ։ Անոնք դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւորականաց դասուն եւ Հոգաբարձութեան կողմէ։ Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբը բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ եւ ողջունեց զիրենք։ Աւարտին, եկեղեցւոյ անդամագրութեան յատուկ վկայագրեր յանձուեցան նորագիրներուն։