Ի՞ՆՉ Է ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ
Հաւատամքը մեր հաւատքին արտայայտութիւնն է: Հաւատք ըսելով կը հասկնանք երեք բան.
1) Աստուծոյ վրայ մեր վստահութիւնը եւ անմիջականօրէն մեր չտեսած ճշմարտութիւններուն մեր համոզուածութիւնը:
2) Կեանքով կամ գործերով արտայայտուած հաւատքը:
3) Մեր հաւատացած ճշմարտութիւններուն ամբողջութիւնը:
Հաւատամքը այս վերջինն է, խտացուած վիճակով: Քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնները Քրիստոս ինք յայտնեց մեզի, թէ՛ Հին Կտակարանով՝ գրաւորապէս, թէ՛ իր մարդեղութեան մէջ՝ բերանացի: Առաքեալները այս ճշմարտութեանց պահապանները եւ փոխանցողները եղան, թէ՛ բերանացի քարոզութեամբ, եւ թէ գրաւորապէս, Նոր Կտակարանի գիրքերուն մէջ:
Եկեղեցին ժառանգեց այդ ճշմարտութեանց աւանդը, եւ զայն նախանձախնդրօրէն պահեց առաքելական յաջորդութեամբ:
Ի՞ՆԶՊԷՍ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱՒ ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ
Քրիստոնէութեան առաջին իսկ դարէն, Եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր կողքին յայտնուեցան աղանդներ, կամ հերձուածներ, որոնք ճշմարիտ հաւատքէն շեղած անձեր կամ խմբակցութիւններ էին: Սխալ վարդապետութիւններ սկսան տարածուիլ ըլլա՛յ Աստուծոյ ինքնութեան վերաբերեալ, ըլլա՛յ աշխարհի ստեղծագործութեան, ըլլա՛յ Ամենասուրբ Երրորդութեան հասկացողութեան, ըլլա՛յ Քրիստոսի ինքնութեան (աստուածութեան կամ, մարդեղութեան), ըլլա՛յ Սաւրբ Հոգիին աստուածութեան վերաբերեալ, եւայլն: Աղանդները պատճառ եղան, որ Եկեղեցին շատ կանուխէն իր հաւատքը արձանագրէ խտացեալ ձեւով, որպէսզի ճշմարիտ հաւատացեալները զայն սորվին եւ այդպէս դաւանին իրենց հաւատքը: Այս խտացեալ դաւանութիւնները կը կոչենք «Հաւատքի Հանգանակ»: Տեղական եկեղեցիները իրենց Հանգանակները ունէին, որոնք թէպէտ թեթեւ տարբերութիւններ ունին իրարմէ, բայց հիմնական կէտերը նոյնն էին:
Հնագոյններէն մէկը կը կոչուի «Առաքելական Հանգանակ»: Զորրորդ դարուն լայն տարածում գտաւ Արիոս Աղեքսանդրացիի եւ իր հետեւորդներուն աղանդը, որ կ’ուրանար Քրիստոսի աստուածութիւնը:
Այս աղանդին դէմ պայքարելու համար, տարբեր եկեղեցիներէ 318 հայրապետներ հաւաքուեցան Փոքր Ասիայի Նիկիա քաղաքին մէջ 325 թուականին: Ասոնց մէջ էր նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին եւ յաջորդը՝ Ս. Արիստակէս:
Նիկիոյ ժողովը վաւերացուց բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ ճանչցուած Հանգանակ մը, որ ժողովին անունով կոչուեցաւ Նիկիական Հանգանակ: Այս Հանգանակը զօրեղապէս կը շեշտէր Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ մեր փրկութեան համար ճշմարիտ մարդեղութիւնը: Նոյն դարուն արծարծուած երկրորդ մեծ հարցը Սուրբ Հոգիին աստուածութիւնն էր, որ կարգ մը աղանդաւորներ կ’ուրանային: 381 թուականին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գումարուեցաւ ժողով մը, 150 հայրապետներու ներկայութեամբ, որ հոչակեց Սուրբ Հոգիին աստուածութեան մասին Եկեղեցւոյ հաւատքը: Ժողովը այդ առիթով վաւերացուց արդէն գոյութիւն ունեցող Հանգանակ մը, որուն վրայ Սուրբ Հոգիին բաժինը որոշապէս կ’արտայայտէր Եկեղեցւոյ հաւատքը: Այս ձեւով լրացած Հաւատամքը կամ Հաւատքի Հանգանակը ընդունուեցաւ բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ, եւ դարձաւ ուղղափառութեան նշան:
Հայ Եկեղեցւոյ գործածած Հանգանակը, որ Նիկիական կը կոչուի, բուն Նիկիականը չէ, այլ՝ անոր լրացուած տարբերակը:
ՀԱՒԱՏԱՄՔԸ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
1. Եկեղեցին հաւատքի համայնք մըն է: Այսինքն՝ հաւատացո՛ղ համայնք մըն է, միակ հաւատքի մը շուրջ խմբուած եւ միակ հաւատքով մը կապուած համայնք մըն է: Հաւատամքը արտացոլացումն է այդ հաւատքին: Ո՛չ միայն խտացումն է Եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն, այլ հաւատքի փորձառութեան: Այլ խօսքով, մենք անոր մէջ կը կարդանք պատմութիւնը այն հանգրուաններուն, որոնցմէ անցաւ այդ հաւատքը՝ հասնելու համար մինչեւ մեր օրերը:
2. Եկեղեցին խոստովանող համայնք մըն է: Խոստովանիլ բայը այստեղ կ’արտայայտէ՝ որեւէ ճշմարտութիւն ճանչնալ, ընդունիլ եւ յայտարարել իմաստը: Կ’ըսենք նաեւ՝ դաւանիլ: Ճշմարտութեան ոեւէ հետեւորդ՝ իր ճանչցած եւ ընդունած ճշմարտութիւնը պէտք է խոստովանի կամ դաւանի յայտնապէս, այլապէս ճշմարտութեան հետեւորդ մը չէ (Մտ 10.32-33: Հռ 10.9-10): Հետեւորդութիւնը տեսական չէ, այլ՝ գործնական: Հաւատամքը հիմն է Եկեղեցւոյ դաւանութեան, որով մենք կ’արտայայտենք Քրիստոսի մեր պատկանելիութիւնը, մեր ինքնութիւնը:
3. Եկեղեցին հաւաքական մարմին մըն է: Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի Եկեղեցին կը ներկայացնէ իրրեւ Քրիստոսի Մարմինը: Միակ մարմին մը՝ բազմաթիւ անդամներով: Իսկ այդ անդամները տեղական եկեղեցիներն են, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցին բաղկացնող անդամները՝ առանձնաբար ու հաւաքաբար: Հաւատամքը հիմն է Եկեղեցւոյ միութեան:
ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ
ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՒԱՏԱՄՔԻՆ
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան