Քրիստոսի խաչելութենէն մօտ 295 տարի ետք՝ 325 թուականին, Նիկիոյ մէջ գումարուեցաւ եկեղեցական պատմութեան առաջին Տիեզերական ժողովը, որ տեղի ունեցաւ հաստատելու համար թէ Քրիստոս կատարեալ Աստուած էր եւ կատարեալ մարդ էր։
Նիկիան հելլենական՝ Յունական քաղաք մըն էր, որ ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, որովհտեւ 1077 թուականին սելճուկ թուրքերը գրաւեցին զայն։
Այդ ժողովին մասնակցեցան 318 հայրապետներ, որոնց շարքին էր Հայոց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին եւ յաջորդը՝ Արիստակէս Հայրապետը։ Հայկական աղբիւրներու համաձայն, նիկիիոյ ժողովէն վերադարձին, Աշտիշատի մէջ գումարուեցաւ հայ եկեղեցւոյ տեղական ժողով մը, որուն ընթացքին փոխանցուեցաւ եւ պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Նիկիոյ Ժողովի դաւանանքը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ. եւ Հայ եկեղեցին ոչ թէ միայն մասնակցեցաւ Նիկիոյ Ժողովին, այլեւ մինչեւ այսօր հաւատարիմ կը մնայ անոր յայտարարութեան եւ զայն ուղղափառ հաւատքի հիմք կ’ունենայ։
Հաւանաբար այդ ժողովին մանրամասնութիւնները քիչերու ծանօթ է, բայց այդ ժողովէն բխած ամենէն կարեւոր յայտարարութիւնը հաւանաբար շատերու ծանօթ է, որովհետեւ ամէն Կիրակի կը կրկնենք զայն ամէն պատարագի ընթացքին եւ կը կոչուի հաւատոյ հանգանակ, կամ հաւատամք։
Այդ ժողովը գումարուեցաւ Մեծն Կոստանդին կայսրին հրամանով, որ Քրիստոնէութիւնը 312-ին պետական կրօն հռչակեց։ Երբ Մեծն Կոստանդին Քրիստոնեայ դարձաւ, զարմանքով նկատեց, որ քրիստոնեաները իրենց հաւատքի որոշ հարցերուն շուրջ միաբան չէին։ Այս անհամաձայնութիւններէն ամենէն խնդրայարոյցը՝ Քրիստոսի Աստուածութեան հարցն էր, որ սկիզբ առաւ Արիոս անունով քարոզիչի մը վարդապետութեան պատճառով, որ սկիզբ տուաւ բաժանումի մը մանաւանդ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն միջեւ։
Ինչպէ՞ս սկսաւ այս հարցը։
Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս) այն ժամանակուայ Ալեքսանդր եպիսկոպոսը, երբ կը քարոզէր Քրիստոսի Աստուածութեան մասին, Արիոս անունով իր քահանաներէն մէկը այն տպաւորութիւնը կ’ունենայ, որ երկու Աստուածներու մասին կը խօսի։
Արիոս հիմնուելով Աւետարանի կարգ մը համարներուն վրայ (ինչպէս Ա. Կր. 8։6), Աստուծոյ մէկ ըլլալու պաշտպանելու համար կը սկսի սորվեցնել, որ միայն մէկ ճշմարիտ Աստուած կայ՝ Հայրը, իսկ Որդին Աստուած չէ. Կ’ըսէ կար ժամանակ մը երբ որդին գոյութիւն չունէր, ուստի, Քրիստոս մեզի պէս ստեղծուած է, եւ ոչ յաւիտենական Աստուած։
Արիոս կ’անտեսէ այն բազմաթիւ համարները, որոնք Քրիստոսի Աստուածութիւնը կը հաստատեն, ինչպէս Յովհաննու աւետարանի նախաբանը՝ «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր բանը։ Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր» (Յհ 1։1), եւ շատ մը ուրիշ համարներ։
Արիոսի գաղափարներէն ազդուած մեծ պարակտում մը կար եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն միջեւ։
Յունիս 325-ին, 318 եկեղեցականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Նիկիոյ ժողովը։ Անոնք գրեցին այսօրուան մեր արտասանած «Հաւատամք»ը։
Ամենէն կարեւոր բառերէն մէկը, որ կ’որդեգրեն հաւատամքին մէջ «էութիւն» բառն է (այսինքն էութենէ Հօր), որ կը շեշտէ Քրիստոսի, Հօր Աստուծոյ նման նոյն էութիւն ունենալը. նաեւ, շեշտեցին որ Քրիստոս «ծնունդ է եւ ոչ արարած», ինչպէս որ լոյսը լոյսէն կը ծնի։
Վերջապէս, Հաւատամքը եզակի յայտարարութիւն մը չէ՝ այլ յոգնակի. որովհետեւ ոչ թէ անհատներու, կամ հայամանքներու, եպիսկոպոսներու կամ քահանաներու, այլ՝ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին պատկանելիութիւնն է։
Նիկիոյ ժողովը ոչ միայն հաւատքի յստակեցման անկիւնաքար մը հանդիսացաւ, այլեւ Քրիստոնէական միասնութեան եւ ուղղափառ դաւանանքի հիմնասիւնը դարձաւ։ Դարերու ընթացքին, Հայ եկեղեցին հաւատարիմ մնաց այդ ժողովի որոշումներուն՝ պահելով Քրիստոսի Աստուածութեան եւ մարդկութեան վարդապետութիւնը որպէս իր անշեղ հաւատքի հիմք։ Այսօր ալ, ամէն պատարագի ընթացքին, երբ արտասանենք «Հաւատամք»ը, կը վերապրինք այդ պատմական ժողովի հաւատքի վկայութիւնը, որ մնացեալ քրիստոնեայ աշխարհին հետ միասնութեան փաստն է եւ մեր եկեղեցւոյ անխախտ ուղղութեան նշանը։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան