ՆԱՄԱԿ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԻՒՐԵՂ ՀԱՅՐԱՊԷՏԷՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻԱՆՈՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ

(ԿԱՐԴԱԼ ԵՐԵՒՄԱՆ ԽԱՉԻ ՕՐԸ)

Աստուածասէր եւ բարեպաշտ Կոստանդ օգոստափառ թագաւորին, Երուսաղէմի Կիւրեղ Եպիսկոպոսէն ողջոյն խնդալից:

Վայելուչ է որ ես քեզի ուղղեմ եւ դուն ընդունիս այս առաջին նամակը, զոր Երուսաղէմէն կը գրեմ Քու աստուածասէր թագաւորութեանդ: Շողոմական խօսքերով չէ որ լեցուած է ան, այլ աստուածտեսական իրողութեան մը ազդարարութեամբ: Գեղեցիկ շարադրութիւն եւ ճարտասանական իմաստներ չէ որ կը պարունակէ ան, այլ սուրբ աւետարանիչներէն կանխաձայնուած եւ վկայուած բաներու ճշմարտութիւնը:

Շատեր իրենց ունեցած պէսպէս թանկագին եւ շողշողուն քարերով կազմուած ոսկեհուր պսակներով կը փառաւորեն քու պատուական գլուխդ. իսկ մենք ոչ թէ երկրէն հանուած բաներով կ’ուզենք պսակել զքեզ, վասն զի երկրաւոր ընծայաբերումները երկիրը միայն կ’ունենան իրենց նպատակ, այլ քու աստուածասէր թագաւորութեանդ օրով հոս Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած աստուածային զօրութեան գործերը կը փութանք իմացնել քու բարեպաշտութեանդ: Ոչ թէ որպէս զի անգիտութենէ աստուածգիտութեան գաս – ինչ որ դուն արդէն քու բարեպաշտութեամբդ ուրիշներուն կը սորվեցնես այդ մասին, այլ որպէս զի քու գիտցած բաներուդ մէջ աւելի հաստատուիս, եւ քու թագաւորութեանդ նախկին վիճակը յիշելով երկնային պսակներով պատուըուիս Աստուծմէ, եւ սորվիս ամենաթագաւոր Աստուծոյ իրեն վայելուչ շնորհակալութիւն մատուցանել, եւ թշնամիներուդ վրայ մեծամեծ յաղթութիւններով քաջալերուած, Աստուծոյ իրապէս սիրելի ընծայես քու թագաւորութեանդ:

Ասոր համար է, որ Տէրը քու օրովդ ալ ահա հրաշքներ կը գործէ: Վասն զի, ինչպէս որ քու աստուածասէր եւ երջանկայիշատակ հօրդ, Կոստանդիանոսի ատեն, Աստուծոյ շնորհիւ Երուսաղէմի մէջ գտնուեցաւ փրկարար խաչափայտը, ու սուրբ տեղերը իրենց մէջ ծածկուած այն սրբութիւնը պարգեւեցին անոր որ սրտագին բարեպաշտութեամբ փնտռեց զայն, նոյնպէս քու օրովդ ալ, ո՜վ ամենաբարեպաշտ Տէր թագաւոր, Աստուծոյ երկիւղովը լեցուած այն հին բարեպաշտութիւնը նորոգուած ըլլալով այս անգամ սակայն ոչ թէ երկրի այլ երկնքի վրայ տեսնուեցաւ հրաշքը, ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս Փրկիչին եւ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն լուսաշող խաչը, որ մահուան դէմ յաղթութեան խորհրդանշանն է, ճառագայթափայլ երեւեցաւ Երուսաղէմի վրայ:

Որովհետեւ Պէնտէկոստէի, այսինքն Յինանց օրերուն, օրուան ժամը երեքին, ամենայաղթ խաչը, լոյսով ձեւացած, երկնքի վրայ, սուրբ Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց սուրբ լեռը երկարած կը տեսնուէր ցոլացիկ: Ոչ թէ միայն մէկ երկու հոգիներու երեւցաւ անիկա, այլ ամբողջ սուրբ քաղաքիս ժողովուրդին. ոչ թէ վաղանցուկ կերպով եւ առաչօք տեսիլի պէս, այլ երկար ատեն տեսնուելով երկնքի վրայ, ու իր բոցաճաճանչ փայլումովը արեւուն ճառագայթներուն յաղթելով, վասն զի ինք պիտի յաղթահարուէր անոնցմէն, եթէ արեգակէն աւելի զօրաւոր չի ցուցնէր իր ճառագայթները: Այնպէս որ ամէնքը առ հասարակ, սուրբ քաղաքիս ամբողջ բազմութիւնը, տղաքներ ու ծերեր, այրեր ու կիներ, եւ ամէն հասակի պատկանողներ, նոյնիսկ աղջիկներ, բնիկներ եւ օտարներ, քրիստոնեաներ եւ ուրիշ տեղերէ եկած ազգեր, ամէնքն ալ աստուածտեսութեան սուրբ երկիւղով եւ ուրախութեամբ համակուած, սուրբ Եկեղեցին վազելով, կարծես մէկ բերանով Աստուծոյ փրկագործ Միածին Որդին կ’օրհնաբանէին: Ու այսպէս, փորձառաբար եւ իրապէս ապացուցուեցաւ թէ քրիստոնէից ամենաբարեպաշտ հաւատքը, ոչ թէ իմաստասիրական փաստերով այլ նաեւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբն ու յայտնութեամբը կը հաստատուի, ոչ միայն մարդոցմէն կը պատուըուի, այլ նաեւ երկնքէն, Աստուծմէ կը վկայուի:

Արդ, որովհետեւ մենք Երուսաղէմաբնակներս այս սքանչելիքը ոչ թէ ուրիշներէն լսեցինք այլ մեր աչքերով տեսանք, Թագաւորաց Թագաւոր Աստուծոյ եւ իր Միածին Որդիին մատուցինք պատշաճ կերպով մեր շնորհակալութեան երկրպագութիւնը, եւ տակաւին պիտի մատուցանենք: Ձեր աստուածասէր թագաւորներուն համար եւս սուրբ տեղեաց մէջ հանդիսաւոր աղօթքներ ըրինք եւ դեռ պիտի ընենք: Եւ որովհետեւ արժանի էր որ այս երկնային աստուածութեան համար լռութիւն չպահէինք, եւ աւետէինք զայն ձեր աստուածասէր բարեպաշտութեան, այս պատճառաւ փութացի ահա գրելու այս գիրը: որպէս զի քու արդէն յառաջագոյն ունեցած հաւատքիդ հաստատուն եւ բարի հիման վրայ  որ Աստուծմէ քեզի տրուած գիտութիւնն է, – Յիսուս Քրիստոսով աւելի հաստատուն կերպով շինուած յոյսն ալ ընդունելով քաջալերուիս, եւ ամէն առաքինական սովորութիւններով տոգորուած, խաչին յաղթութեան նշանը քեզի զօրավիգ ունենաս իբրեւ Աստուած, եւ պարծանաց պարծանք համարես զայն քեզի, քեզի հետ ունենալով երկինքի երեւցած նշանը, որուն ձեւը մարդոց ցոյց տուած ատեն կարծես երկինք ինքն իսկ պանծաց:

Բայց պէտք է գիտնալ, ո՜վ աստուածասէր թագաւոր, թէ այս հրաշքը մարգարէներէն նախագուշակուած եւ աւետարաններուն մէջ աւանդուած Յիսուսի սուրբ բառերովը արդէն նկարագրուած իրողութիւն մըն է, որ այս անգամ կատարուեցաւ, եւ անշուշտ ապագային ալ պիտի կատարուի յաճախ: Վասն զի, Փրկիչը, Մատթէոսեան Աւետարանին մէջ հանդերձեալ իրաց գիտութիւնը իր երջանիկ աշակերտներուն պարգեւած ատեն, անոնց եւ իրենց հետ եղողներուն խօսելով յայտնապէս նախաձայնելով կ’ըսէր. «Եւ յայնժամ երեւեսցի նշան Որդւոյ Մարդոյ յերկինս»: Եթէ բանաս աւետարանի աստուածային գիրքը, այնտեղ պիտի գտնես այս մասին առաջուց ըսուած վկայութիւնները: Բայց սրտագինս կը փափաքիմ որ ամէն բանէ առաջ հոգեռանդն մտադրութեամբ նայիս մեր Փրկչէն յառաջաձայնուածներուն մասին հոն գրուածներուն վրայ. հակառակ ազդեցութիւններէ չտարուելու համար, երկիւղած զգուշութեամբ պէտք է կարդալ զանոնք:

Այս իմ անդրանիկ նամակս, ով աստուածասէր թագաւոր, Երուսաղէմէն քեզի ղրկելով, իբրեւ հարազատ եւ ամենաբարեպաշտ մտերիմի մը կը խօսիմ քեզի, եւ իբրեւ մեզի հետ երկրպագողի Աստուծոյ Միածին Որդւոյն եւ մեր Փրկչին, որ ըստ աւետարանական աւանդութեան, Երուսաղէմի մէջ կատարեց իր փրկութեան մատակարարութիւնը: Որ այստեղ ոտնակոխ ըրաւ մահը, եւ իր պատուական արիւնովը ջնջեց եւ սրբեց մարդոց մեղքերը, եւ իբր Աստուած, կեանքի անապականութիւն եւ հոգեւոր եւ երկնային շնորհք պարգեւեց բոլոր իրեն հաւատացողներուն:

Ամենաթագաւոր Տէրը, որ տուիչ է ամէն կերպ բարութեանց, թող պահպանէ զքեզ զօրութեամբ եւ շնորհօք, եւ ալ աւելի մեծամեծ բարեպաշտութեան գեղեցիկ գործերով, եւ զարդարէ թագաւորական հարազատ թագը զաւակներու բազմացումով, եւ ի պարծանս քրիստոնէից եւ համայն աշխարհի, երկար եւ բազում տարիներու խաղաղութեամբ պահէ զքեզ ամողջ ընտանիքովդ: Եւ ամէն միջոցաւ զարդարելով զքեզ վարքով, Եկեղեցիներու հանդէպ քաղցրութեամբ, եւ կայսերական իշխանութեանը վայելուչ մարդասիրութեամբ, երկարամեայ անդորրութեամբ, ամէնուն շնորհէ զձեզ ամբողջ տունովդ հանդերձ, ո՜վ աստուածասէր եւ օգոստափառ թագաւոր. Ողջ լեր Աստուծով: Ամէն: