Իմաստասիրութիւնը իր բազմադարեան գոյութեան ընթացքին մեծապէս նպաստած է հոգեւոր մշակոյթի եւ գիտական միտքի զարգացումին:
Հայ իմաստասիրական միտքը աննախադէպ զարգացում կ’ապրի 13-14-րդ դարերուն: Հանդէս կու գան իմաստասէրներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ աւանդ կ’ունենայ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան բնագաւառներէն ներս:
Յովհան Որոտնեցի մեծանուն վարդապետը կը պատկանի այդ իմաստասէրներու փաղանգին: Ծնած է 1315ին, պատմական Սիւնիք նահանգի Ծղուկ գաւառի Վաղանդի գիւղը: Ան Օրբելեան ազգատոհմէն՝ Իվանէ իշխանին որդին էր: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Գլաձորի համալսարանին մէջ, ուսուցչապետ ունենալով նշանաւոր գիտնական՝ Եսայի Նչեցին: Որոտնեցին աստուածաբանութեան կողքին կ’ուսանի յունական դասական փիլիսոփաներուն՝ Պղատոնի, Արիստոտէլի, Պորփիւրի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները: Ան կը հետեւի նաեւ քերականութեան, ճարտասանութեան եւ բնագիտութեան:
1338-ին, քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու եւ Եսայի Նչեցիի մահուան պատճառով կը փակուի Գլաձորի համալսարանը: Որոտնեցի քանի մը տարի ետք Տաթեւի մէջ կը հիմնէ նոր համալսարան, դառնալով անոր ուսուցչապետը:
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Յովհան Վարդապետ իր ուսումը կատարելագործելու միտումով 1340-ականներուն կը փոխադրուի Որոտանի վանքը, որմէ կը ստանայ Որոտնեցի մականունը:
Յովհան Որոտնեցի կը համարուի պարագլուխը այն շարժումին, որ 14-րդ դարու կիսուն հայ հոգեւորականութիւնը կազմակերպած էր Ունիթոռներուն դէմ: Ունիթոռները կը ձգտէին ոչնչացնել Հայ Եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը, զայն ենթարկելու Հռոմէական եկեղեցւոյ, լատինացնելով հայութիւնը՝ կրօնքով, լեզուով եւ ուսուցումներով: Այդ պայքարը բարեբախտաբար վերջ կը գտնէ Հայ Եկեղեցւոյ յաղթանակով:
Որպէս արժանի հետեւորդ Սիւնեաց տոհմին, Յովհանին վերապահուած էր Արքեպիսկոպոսութեան աթոռը, սակայն ան կը հրաժարի անկէ եւ ամբողջովին կը նուիրուի եկեղեցւոյ:
Որոտնեցին, Տաթեւի եւ Ապրակունիսի վանքերէն ներս հանդէս եկած է իր դասախօսութիւններով, որոնք որպէս փիլիսոփայական աշխատութիւններ, գիտական բազմազան ստեղծագործութիւններու կողքին, առանձնայատուկ տեղ գրաւած են:
Այդ աշխատութիւնները հետագային մշակած ու խմբագրած է իր աշակերտը՝ Գրիգոր Տաթեւացին:
Յովհան Որոտնեցի՝ հաւատքի եւ բանականութեան յարաբերա-կցութեան հարցը վերլուծելով կ’եզրակացնէ, թէ՝ «Աստուծոյ գոյութիւնը կարելի է հիմնաւորել բանականութեան միջոցով»:
Յովհան Որոտնեցի կը վախճանի 1386-ին, կը թաղուի Ապրակունեաց վանքին մէջ: Ան կը սրբադասուի Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի կողմէ եւ անունը կը նշուի Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ: Որոտնեցիի շնորհիւ Հայ Եկեղեցին կ’ունենայ ուսեալ եւ քաջարի վարդապետներու ընտրանի մը, որոնք կը նուիրուին ազգային եկեղեցական գոյապայքարին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան