Յիսուս ըսաւ.
– Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրանան:
Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկա եւ հարցուցին.
-Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ’ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք:
Բարի եւ քաջ հովիւը
-Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ. իսկ ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է: Դռնապանը դուռը կը բանայ անոր եւ ոչխարները իր ձայնին կը հետեւին: Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք: Եւ երբ ոչխարները դուրս կը հանէ՝ ի՛նք կ’առաջնորդէ, եւ ոչխարները կը հետեւին իրեն, որովհետեւ իր ձայնը կը ճանչնան: Օտարին չեն հետեւիր. ընդհակառակը, կը փախչին անկէ, որովհետեւ օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար:
Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց, սակայն անոնք չհասկցան թէ ինչ ըսել կ’ուզէր իրենց: Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց.
-Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը: Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ. բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան: Ե՛ս եմ դուռը: Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ: Գողը կու գայ միայն գողանալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար: Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան:
Յիսուս իր վարդապետութիւնը եւ փարիսեցիներուն յանդիմանութիւնը կը շարունակէ: Իսկ Յովհաննէս աւետարանիչ այսպէս կը սկսի Քրիստոսի նոր քարոզութեան. «Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրանան» (Յհ 9.39): Տեսնելու եւ չտեսնելու հակադրութիւնը բնականաբար նիւթական չէ, այլ տեսական եւ հոգեկան, ֆիզիքական տեսութեան օրինակը՝ միտքի եւ հոգիի տեսութիւնը բացատրելու համար գործածուած է: Իսկ դատաստանը զոր Յիսուս եկած է կատարելու, իւրաքանչիւր անձի իր արժանիքին եւ գործունէութեան համեմատ վարձք կամ պատիժ ստանալն է: Յիսուսի աշխարհ եկած ըլլալը եւ քարոզութիւնները պատճառ պիտի ըլլան ոմանց հաւատալուն եւ փրկուելուն իսկ ուրիշներուն հակառակելուն եւ դատապարտուելուն: Ոմանք իրենց ֆիզիքական կարողութեան եւ գիտութեան վստահելով, ճշմարտութիւնը պիտի չընդունին եւ զրկուելով ճշմարիտ լոյսէն կոյրերու պիտի նմանին:
Յիսուս փարիսեցիներուն ընթացքը աւելի յստակ կերպով բացատրելու, ինչպէս նաեւ իր աշխարհ գալն ու կատարած գործերուն իսկական նպատակը յայտնելու համար, իր խօսքը կը շարունակէ, ճշմարիտ հովիւի, այսինքն արի, արթուն, բարի, քաջ հովիւի օրինակը կը պարզէ: Հովիւը՝ Յիսուսի բացատրութեամբ ոչխարներուն իսկական բուն տէրն է, հովիւէն տարբեր է վարձկանը, որ ուրիշին ոչխարները կ’արածէ, բուն հովիւը երբ վտանգ մը տեսնէ, յառաջ կ’երթայ, իր անձին վտանգն անգամ անտեսելով կը պաշտպանէ իր ոչխարները, իսկ վարձկան հովիւը, որ յաճախ իր անձը եւ շահը կը գերադասէ միայն, չ’ուզեր նեղութիւն եւ դժուարութիւն յանձն առնել ու իր անտարբերութեան պատճառով գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու կը տանի:
Յիսուս կ’ըսէ. «Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը իր դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ» (Յհ 10.1): Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ սուտ, օտար եւ կեղծաւոր հովիւներէ, որովհետեւ անոնք գաղտագողի կը մտնեն փարախ եւ կը մոլորեցնեն, բայց ոչխարները պիտի չհետեւին անոնց, եթէ ծանօթ են իսկական հովիւներուն ձայնին:
Բարի հովիւը իր հօտին առջեւէն կ’երթայ եւ կ’առաջնորդէ զիրենք դէպի արօտավայրեր: Փարիսեցիները Յիսուսի խօսածներուն խորհուրդն ու իմաստը չեն ուզեր հասկնալ, սակայն Յիսուս իր միտքը աւելի յստակեցնելու նպատակաւ կ’ըսէ. «Հաստատ գիտցէք, թէ ես եմ ոչխարներուն դուռը», «Ես եմ իրաւ հովիւը: Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար. մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ ցրուէ ոչխարները, որովհետեւ վարձկանը՝ չի մտահոգուիր ոչխարներուն վիճակով» (Յհ 10.11-13):
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան