Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին.
Ձմեռ էր. Երուսաղէմի մէջ տաճարին նաւակատիքի տօնակատարութիւնը տեղի կ’ունենար: Յիսուս տաճարին Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ կ’երթեւեկէր, երբ իր շուրջ հաւաքուեցան Հրեաները եւ հարցուցին.
-Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ յստակ ըսէ մեզի:
Յիսուս պատասխանեց.
-Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար: Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ ես: Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք: Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին: Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս: Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է: Ես եւ Հայրս մէկ ենք:
Տօնական օրուան առիթով, խումբ մը հրեաներ տաճարին մէջ կը շրջապատեն Յիսուսը եւ հարց կու տան. «Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ յստակ ըսէ մեզի» (Յհ 10.24): Խորամանկ հարցում մը, որուն պատասխանը ինչ որ ալ ըլլար պիտի գոհացնէր զիրենք: Եթէ Յիսուս «Ո՛չ, ես չեմ» պատասխանէր՝ իր աստուածային առաքելութեան հակասած պիտի ըլլար եւ այլեւս ոչ ոք պիտի լսէր զինք ու հետեւէր իրեն: Եթէ «Այո՝, ես եմ» պատասխանէր՝ հայհոյած պիտի համարուէր եւ արդէն իսկ պատրաստուած էին զԻնք քարկոծելու եւ վերջ դնելու Իր կեանքին ու առաքելութեան: Յիսուս պատասխանեց անոնց ըսելով. «Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ ես» (Յհ 10.25):
Եթէ հարց տանք թէ ի՞նչ էին այդ գործերը, որոնք կը վկայեն Քրիստոսի մասին.
ա- Աւազանին մօտ երեսունութ ամեայ անդամալոյծին բժշկութիւնը շաբաթ օրով.(Յհ 5.1-18), որուն աւարտին երբ Յիսուս զԱստուած Հայր կոչեց՝ ուզեցին զԻնք սպանել:
բ- Հինգ հացով եւ երկու ձուկով հինգ հազարի կերակրումը.(Յհ 6.1-11), որուն աւարտին ներկաները ըսին թէ ա՛յս է ճշմարիտ մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար:
գ-Ի ծնէ կոյրին բժշկութիւնը շաբաթ օրով, (Յհ 9.1-14) որուն աւարտին հրեաները ամէն միջոցի դիմեցին մերժելու համար հրաշքի իրողութիւնը՝ ի ծնէ կոյրը ըսաւ, որ եթէ այդ մարդը Աստուծմէ չըլլար՝ չէր կրնար աչքերս բանալ:
Վերոյիշեալ եւ աւետարաններուն մէջ յիշուած թիւով (37) հրաշքները, մեծագոյն ապացույցներն են Քրիստոսի աստուածութեան:
Առիթով մը Յիսուս կ’ըսէ. «Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրս իմ մէջս. եթէ ոչ խօսքերուս համար՝ գոնէ կատարած գործերուս համար հաւատացէք» (Յհ 14.11):
Այս բոլորը լսելէ եւ տեսնելէ ետք տակաւին չէին հաւատար, կը հետեւէին Յիսուսի միայն զԻնք քննադատելու եւ յանցանքի մէջ տեսնելու: Յիսուս իր խօսքը յաղթականօրէն կ’աւարտէ ըսելով. «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.30): Ուզեցին քարկոծել զԻնք, բայց Յիսուս հեռացաւ անոնցմէ:
Հետեւաբար.սիրելի հաւատացեալներ չ’ըլլանք Քրիստոսի ժամանակակից կեղծաւոր հաւատացեալներու նման, որոնք մերժեցին «Լոյսը» եւ մնացին խաւարի մէջ, այլ ընդունինք լոյսը եւ ըլլանք «Լոյսի»որդիներ»:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան