«ՅԻՍՈՒՍԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ»

Շաբաթ 6 Դեկտեմբեր 2025-ին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագրի հերթական հաւաքը։ 

Եկեղեցւոյ գաւիթէն ներս`հաւաքը սկսաւ փոքրիկներու մոմավառութեամբ ու աղօթքով։ Ապա, տօնածառին շողան լոյսին շուրջ, փոքրիկները լսեցին Բաբելոնի եւ Նոյի Տապանին պատմութիւնները ինչպէս նաեւ տօնածառին աստղին, խաղալիքներուն եւ մսուրին մասին։

Պատմութեան ժամէն ետք Յիսուսի Փոքրիկները եկեղեցի մտան եւ սորվեցան թէ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է ու ծանօթացան Սուրբ Աւետարանին։ 

Հաւաքը վերջ գտաւ ձեռային աշխատանքով ու հիւրասիրութեամբ։ 

Յայտնենք, թէ այս տարուան վերջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 20 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին։ Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր փոքրիկները միանալու այս գեղեցիկ եւ ուսուցողական ժամանցին։