ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ (Ղկ 2.1-7)
Այդ օրերուն Օգոստոս Կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու: Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն: Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ’երթար իր անունը արձանագրել տալու համար: Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննթավայրը: Իրեն կ’ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր:
Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար:
Օգոստոս Կայսեր հրամանով, մարդահամար պիտի կատարուէր, այդ պատճառաւ ալ՝ ամէն մարդ պէտք էր իր ծննդավայրը երթար արձանագրելու իր անունը:
Աւետարանական հատուածը ցոյց կու տայ այդ ժամանակահատուածին վիճակը: Մեծ խուճապ մը ստեղծուած էր ճամբորդներուն մէջ, որովհետեւ ճամբորդութեան ընթացքը անապահով էր եւ պայմանները՝ անբարենպաստ: Ամէն մարդ կը փութար Կայսեր հրամանը գործադրելու. ոչ ոք ուրիշով կը զբաղէր կամ կը հետաքրքրուէր: Նկատի չէին առնուած ծերերն ու փոքրերը, նոյնիսկ՝ հիւանդները: Հետեւաբար այս անախորժ կացութեան մատնուեցան նաեւ մեր փրկչին ծնողները, Մարիամի յղութեան պատճառաւ:
Մարդիկ իրենց անձնասիրութեան գագաթնակէտին հասած էին, չէին հարցներ նոյնիսկ իրենց ընտանիքի անդամներուն՝ ո՛ւր եւ ինչպիսի վիճակի մէջ ըլլալը: Նման կացութեան մէջ մարդիկ կրնայի՞ն արդեօք յիշել Նորածին Փրկիչը: Այս իսկ պատճառաւ, մեր Տէրը՝ Յիսուս պիտի ըսէր.
Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ, թէ՞ ամէն մարդ իր քմահաճոյքը կը փնտռէ (Ղկ 18.8):
Այս շրջանին էր, որ տիեզերքի Արարիչը՝ Յիսուս մարդացաւ Ս. Կոյս Մարիամէն, Հրէաստանի Նազարէթի Բեթլեհեմ քաղաքի մէջ: Մարիամ, Նորածին Մանուկը փաթթեց խանձարուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար իջեւանելու տեղ չկար (Ղկ 2.7):
ԵՍԱՅԻԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵՆԷՆ
Վասնզի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ: Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան (Ես 9.6):
Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագիրը Հին Կտակարանի Ծննդոց գիրքէն մինչեւ Նոր Կտակարանի Յայտնութեան գիրքի առանցքը կը կազմէ:
Եսայի մարգարէ, Ս. Հոգիէն ներշնչուած, կ’աւետէ Աստուածորդիին յայտնութիւնը մարդկութեան, Անոր սքանչելի ծնունդը՝ մարդեղացումը որպէս Աստուածորդի, խորհրդակից, հաւասարակից, փառակից ու բնութենակից Հօրը եւ Ս. Հոգիին:
Արդարեւ, դարեր առաջ փոխանցուած եզակի ու հրաշալի ծնունդի մը մարգարէութիւնը իր լրումին հասաւ նոյնինքն Քրիստոսով: Ան Իր գալուստով Ինքզինք յայտնեց որպէս միակ փրկութեան ճամբան (Յհ 14.6), խորտակեց ամէն պատնէշ, որպէսզի մարդկութիւնը առաջնորդուի ճշմարիտ ճանապարհէն, հասնելու համար Աստուծոյ:
Ան երկինքէն երկիր իջաւ, Իր փառքէն խոնարհեցաւ, որպէսզի մարդը վերստին դարձնէ Աստուծոյ, մեղքի տիղմին մէջ թաւալող մարդկութիւնը քաւէ մեղքերէն, խաւարին մէջ խարխափող մարդը՝ ուղղէ: Աւելին, Քրիստոս որպէս ազատութեան գերագոյն իշխան:
Քրիստոս, որպէս փրկութեան միակ միջնորդ (Ա. Տմ 2.5), Իր ծնունդով կամուրջ հանդիսացաւ մարդ-Աստուած յարաբերութեան, երկինքն ու երկիրը վերստին ագուցեց անքակտելիօրէն:
Հետեւաբար կ’աղօթենք, որ Քրիստոսի Ծնունդի խորհուրդը, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան օրերուն առիթ հանդիսանայ Քրիստոսի հրաուէրին ընդառաջելու: Անոր ուսուցումները ընկալելու, քաղցրահամ խօսքերը ճաշակելու եւ մեր անձերը Աստուծոյ ընծայելու: Ուստի, Քրիստոսի Ս. Ծնունդով վերանորոգուած ընդառաջ երթանք Տիրոջ հրաւէրին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան