Աւագ Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Տասը Կուսանաց»ի յիշատակը։
Երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, ինչպէս նաեւ Ս. Գրային ընթերցումները կատարեցին՝ եկեղեցւոյս կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտուհիները։ Արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ․ Տ․ Գարեգին Ծ․ Վրդ․ Շխրտմեան եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան:
Աւարտին Գերապատիւ Հայր Սուրբը ներկաներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդը. նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կարողացանք տօնել այսօրուայ յիշատակը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կիրակնօրեայ դպրոցի անձնակազմին, որոնք շատ տպաւորիչ եւ գեղեցկօրէն պատրաստած էին օրուան խորհուրդը դրսեւորող արարողութիւնը։