Քրիստոսի հրաշափառ Յարութենէն ետք, փրկագործութեան պատմութիւնը չաւարտեցաւ, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ ծրագիրին վերջին էջը չէր։ Յարութենէն ետք նոր ու փառաւոր հանգրուան մը սկիզբ առաւ։ Յարուցեալ փրկիչը՝ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, յայտնուեցաւ իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն՝ հիմնական երկու նպատակով։
Ա. Մահուան վրայ իր յաղթանակը ցոյց տալու համար։
Բ. Անոնց փոխակերպելու եւ առաքելութիւն մը վստահելու համար։
Ուրեմն, յարութեան յաջորդող դէպքերը հզօր իմաստի ու յայտնութեան աղբիւրներ են. հոն նոր կեանքի, նոր նպատակի եւ նոր ուղեւորութեան հրաւէր կայ։ Այդ դիտումնաւոր, նպատակաւոր եւ փոխակերպող յայտնութիւնները, նաեւ մեզի կը խօսին այսօր։ Անոնք կը վերականգնեն մեր կոտրած սրտերը, կը փարատեն մեր կասկածները, կը բորբոքեն մեր հաւատքը եւ մեզ առաքելութեան կը պատրաստեն։
Եկէք տեսնենք յարութեան յաջորդող դէպքերը։
Հանդիպում մը՝ որ կը վերականգնէ կոտրած սրտերը։
Յիսուս, իր յարութենէն ետք, առաջին անգամ յայտնուեցաւ Մարիամ Մագթաղենացիին։ Այդ սրտաբեկ կինը, որ լալագին կանգնած էր գերեզմանին քով, յանկարծ կը լսէ իր անունը՝ Յիսուսի բերնէն։ Այդ մէկ պահուն, ի՜նչ անհուն մխիթարութիւն կը գտնէ։ ինչպէ՜ս կը վերականգնի Մարիամ Մագթաղենացին։ Այդ մէկ պահուն՝ անոր վիշտը կը փարատի, սիրտը կը բժշկուի եւ կեանք կ’ընդունի։
Սիրելիներ, Տէրը նաեւ մեզի կը հանդիպի մեր ցաւերուն մէջ։ Երբ կեանքի ընթացքին դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու հանդիպինք՝ ինչպէս սիրելիի մը կորուստի ժամանակ, կամ աշխատանքէ մը զրկուելու ժամանակ, շատ անգամ մինակութիւն եւ յուսալքութիւն կը զգանք։ Բայց ճիշդ այդ պահերուն է, որ Տէրը չի հեռանար մեզմէ։ Ան մեր կողքին կը մնայ։ Լուռ կերպով, բայց հաստատ կոչով կը զօրացնէ եւ կը մխիթարէ մեզ, ինչպէս մայր մը իր լացող զաւկին քով կը նստի, կամ հայր մը՝ յուսալքուած որդւոյն մօտ։ Գուցէ զաւկին ցաւը չեն վերցնէր կամ իրողութիւնը չեն կրնար փոխել, բայց իրենց սրտի ջերմութիւնը կը փոխանցեն։ Մեր յուսալքութեան ժամանակ, Տէրը, որ մեզ մեր անունով կը ճանչնայ (Ես 43.1), մեր սրտերը վերականգնելու։
Հանդիպում մը՝ որ կը բորբոքէ հաւատքը
Էմմաոսի ճամբուն վրայ, Յիսուս յայտնուեցաւ իր երկու աշակերտներուն. յուսախաբ էին անոնք, որովհետեւ իրենց առաջնորդը սպաննուած էր եւ իրենց յոյսերը ի դերեւ ելած։ Երբ յարուցեալ Քրիստոսը միացաւ անոնց ճամբուն ընթացքին, անոնք զինք չճանչցան, բայց Յիսուս իրենց հետ մնաց։ Զինք չճանչցան, բայց իրենց հետ շարունակեց քալել։ Երբ Յիսուս անոնց յուսայատութեան պատճառին մասին հարցուց, ըսին անոր. «Երուսաղէմի մէջ միայն դո՞ւն կաս, որ չես գիտեր թէ այս օրերուն ինչ պատահեցաւ։ …Անիկա իր խօսքերով ու գործերով զօրաւոր մարգարէ մըն էր՝ Աստուծոյ եւ ամբողջ ժողովուրդին համար։ Մեր աւագ քահանաներն ու իշխանները զայն իշխանութեան յանձնեցին, որպէսզի մահուան դատապարտուի, եւ զայն խաչեցին։ Մենք կը յուսայինք որ իսրայէլի ազատողը ինք պիտի ըլլար։ Այսուհանդերձ, ահա այսօր երրորդն օրն է որ այդ բաները պատահեցան։ Սակայն մեր մէջէն կարգ մը կիներ, որոնք այս առաւօտ կանուխ գերեզման գացած էին, զարմացուցին մեզ, ըսելով՝ թէ անոր մարմինը չէին գտած եւ թէ հրեշտակներ տեսած էին, որոնք իրենց յայտնած էին թէ անիկա ողջ է։ Մեզմէ ոմանք գերեզման գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս կիները ըսած էին։ Սակայն զայն չտեսան» (Ղկ 24.24)։
Քրիստոս սակայն, անոնց հետ շարունակեց քալել, իրենց հետ հաց կերաւ, եւ բացատրեց սուրբ գիրքերը եւ վերջաւորութեան, հաց կտրելու պահուն, յայտնեց ինքզինք եւ ապա անհետացաւ։
Այն ատեն աշակերտները իրարու ըսին. «Մեր սրտերը չէի՞ն ճմլուէր, երբ անիկա ճամբուն ընթացքին մեզի հետ կը խօսէր եւ սուրբ գիրքերը կը բացատրէր» (Ղկ 24.31)։
Մեր առօրեայ ճամբուն ընթացքին, մի զարմանար երբ ըսեմ քեզի Յիսուս հետդ ալ կը քալէ. Նոյնիսկ եթէ զինք չճանչնաս, ինք հետդ կը մնայ։ Յիսուս Քրիստոս, կը հանդիպի մեզի։ Երբ սեղան կը բազմինք սիրով, աղօթքով ու եղբայրութեան մեր ունեցածը բաժնենք ուրիշներու հետ, ինչպէս Էմմաոսի ճամբուն վրայ եղող երկու աշակերտները, Ան մեզի կը յայտնուի ու սեղանակից կը դառնայ։ Իսկ երբ ականջ տանք անոր խօսքերուն, մեր ալ սրտերը կը բորբոքին։ Որովհետեւ Տէրը ողջ է, եւ իր կենդանի ներկայութեամբ կը լեցնէ մեր կեանքը։
Շարունակելի
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան