ՄԻՋԻՆՔ

Միջինքը Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ, պարզապէս որպէս յիշեցում, թէ Մեծ Պահքը հասած է իր կէսին, 24րդ օրուան, առաջին կէսին աւարտը եւ երկրորդ կէսին սկիզբը:

Միջինքը Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ չունի իւրայատուկ եկեղեցական արարողութիւն: Միայն հսկումի երեկոյեան, խաղաղական ժամ-երգութեանց աւարտին, կ’երգուի յաւուր պատշաճի ստեղի շարական մը:

Սակայն, Միջինքը իւրայատուկ կը նշուի հայկական տոհմիկ սովորութիւններով եւ աւանդութեամբ: Կը նշուի, Միջինքի առաւօտեան, Արեւագալի ժամերգութեան աւարտին, հաւատացեալներ կը հրաւիրուին եկեղեցւոյ սրահէն ներս, սիրոյ սեղանի շուրջ, պահքի ճաշեր վայելելու՝ շարականներու երգեցողութեամբ եւ ժողովրդային երգերով եւ արտասանութիւններով: Հայրենիքի կամ Սփիւռքի մէջ, գոյութիւն ունին Միջինքի խորհրդանիշ մնայուն սովորութիւններ՝ բաղարջին մէջ «Խաչ, ուլունք, ոսկիէ, արծաթէ կամ մետաղէ» դրամ դնել, տեսնելու, թէ ո՞վ է այդ տարուան բախտաւորը, որմէ առատութիւն պիտի գայ աշխարհիս:

Հետեւաբար, Մեծ Պահքի այս ապաշխարութեան օրերուն, մեր սրտերը լեցնենք սիրով եւ բարեգործութեամբ, որպէսզի սրտի անհուն գոհունակութեամբ ամբողջացնենք մեր հոգեւոր սնունդի կատարելագործումը, Մեծ Պահոց երկրորդ շրջանը, արժանավայել կերպով, դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Տօնը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան