ՄԻԱՅՆ ՍՊԱՍԵ՞Լ

Եկեղեցական տօները ոչ միայն Տիրոջ փառաբանութեան հրաշալի առիթներ են, այլեւ բացառիկ առիթներ՝ ինքնաքննութեան եւ հոգեւոր կեանքին մէջ նոր որոշումներ կայացնելու։ Անոնք մեզի կ’առիթաւորեն վերագնահատելու մեր հաւատքը, մեր առնչութիւնը Աստուծոյ հետ եւ մեր ընթացքը՝ դէպի Աստուծոյ արքայութիւն։

Տեառնընդառաջը տօնն է քառասունօրեայ մանուկ Յիսուսին, որ ծնողքին կողմէ կը բերուի Տաճար՝ Մովսէսի օրէնքին համաձայն։ Ան կոչուած է Տեառնընդառաջ, որ կը նշանակէ Տիրոջ առջեւ ելլել, զինք դիմաւորել։ Այս խորիմաստ անունը հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ, որ Քրիստոսին հետ ապրելու համար պէտք չէ կրաւորական սպասողներ ըլլանք, այլ՝ գործունեայ հոգեւոր ճամբորդներ, որոնք յանձնառու են դիմաւորելու Տէրը՝ իրենց հաւատքով եւ գործերով։

Այս տօնը նաեւ առիթ է ինքնաքննութեան։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հարց տայ.

–        Իմ կեանքիս ընթացքին Տիրոջ առջեւ կ’ելլե՞մ, թէ կլանուած եմ առօրեայ հոգերով ու խնդիրներով։

–        Կեանքիս ընթացքը զիս Տիրոջ կողմը կը տանի՞, թէ միայն անցողիկ մտահոգութիւններով կը շրջիմ։

–        Ի՞նչ տեղ ունի իմ առօրեայիս մէջ աղօթքը, խոկումը եւ Տիրոջ հետ հաղորդութիւնը։

–        Սիմէոնին պէս կ’ուզե՞նք Տէրը տեսնելու արժանանալ. Տիրոջ տեսութեան արժանանլու համար կ’աշխատի՞նք մեր սրտերը մաքուր պահել (Մտ 5։8)։

Տեառնընդառաջի աւետարանական դէմքերէն է Ծերունի Սիմէոն, որուն կեանքի մեծագոյն փափաքն էր տեսնել Քրիստոսը։ Իր հաւատքը, համբերութիւնը եւ վստահութիւնը օրինակ են բոլորիս համար։ Այսօր շատեր մեզմէ կը տագնապին, կը վհատին, կը յուսահատին։ Անմիջական լուծումներ կը փնտռենք մեր կեանքի դժուարութիւններուն։ Սակայն, Սիմէոնի փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ ժամանակը կատարեալ է, եւ մենք ալ պէտք է համբերութեամբ ու հաւատքով սպասենք Տիրոջ գործելակերպին։ Ան միշտ կը գործէ՝ ըստ Իր անքննելի իմաստութեան։ Պիտի կարենա՞նք մենք ալ ունենալ Սիմէոնի համբերութիւնը եւ Աստուծոյ ծրագիրին հանդէպ վստահութիւնը։

Տեառնընդառաջի պատգամը նաեւ լոյսի պատգամն է։ Այսօր, երբ աշխարհը կը դիմագրաւէ բարոյական եւ հոգեւոր խաւար, մենք կոչուած ենք ոչ միայն ընդունելու Քրիստոսի լոյսը մեր սրտերուն մէջ, այլեւ այդ լոյսը տարածելու մեր ընտանիքներուն, համայնքներուն եւ շրջապատին մէջ։ Լոյսին մօտենալու, Լոյսը տարածելու եւ բաժնեկցելու պատգամ մըն է այս տօնը։

Ուրեմն, Քրիստոսի գալստեան միայն սպասելը բաւարար չէ։ Պէտք է խանդավառութեամբ ընդառաջ ելլենք Անոր, Տիրոջ սիրով վառուինք եւ կեանք մը ապրինք, որ կ’արտացոլայ Քրիստոսի լոյսը։ Այդ լոյսը թող լուսաւորէ մեր ճանապարհը, մեր յարաբերութիւնները, մեր առօրեան եւ մեր կեանքը՝ վերածելով մեզ Քրիստոսի կենդանի վկաներ այս աշխարհին մէջ։

Արդ, մենք կը սպասե՞նք միայն, թէ կը վստահինք եւ կ’ընթանանք դէպի Տէրը։

Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան