Ս. Ներսէս Հայրապետ թոռան թոռն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, Յուսիկի զաւակը՝ Աթանագինէսի: Ծնած է 329 թուին եւ ուսումը ստացած՝ Կեսարիոյ մէջ: Ամուսնացած էր Մամիկոնեան ընտանիքէն՝ Սանդուխտի հետ եւ ունէր զաւակ մը՝ Սահակ (Պարթեւ): Ամուսնութենէն կարճ ժամանակ ետք կինը կը մահանայ, իսկ ինք կ’երթայ Կ. Պոլիս ուսումը շարունակելու: Հայաստան վերադարձին, իրեն կը վստահուի արքունի դիւանապետի պաշտօնը: Փառէն Աշտիշատեցի կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, օրուան Արշակ Բ. թագաւոր (345-368) յարմարագոյն անձը կը նկատէ հայրապետական աթոռ բարձրացնել Ներսէսը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր: 353 թուին, Ներսէս կը մեկնի Կեսարիա, ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանայ ապա կը ստանցնէ Հայոց Հայրապետական մականը:
Ս. Ներսէս կաթողիկոս, իր գահակալութեան շրջանին կ’արժանանայ մեծ բարեկարգիչի տիտղոսին: 345 թ. Աշտիշատի մէջ ժողով մը կը գումարէ, որուն կը մասնակցին մեծ թիւով աշխարհականներ: Այս ժողովին որոշումներով Ս. Ներսէս հայաստանի զանազան գաւառներու մէջ կը հիմնէ հիւանդանոցներ, ծերանոցներ, անկելանոցներ, որբանոցներ, կուրանոցներ եւ աղքատանոցներ՝ բոլոր կեդրոններուն մէջ կարօտեալներ կը խնամուին ձրիաբար: Կը կառուցէ հիւրանոցներ, որպէսզի պատսպարէ եւ հիւրընկալէ հիւրերն ու պանդուխտները: Հայ եկեղեցւոյ կրօնաւորներուն կեանքը կը կարգաւորէ եւ նոր վանքեր կը հիմնէ: Ամէնուրեք դպրոցներ կը բանայ եւ ուսում կը ջամբէ նորահաս սերունդին: Հեթանոսական սովորութիւններով թաղման արարողութիւնները կ’արգիլէ, ինչպէս նաեւ կ’արգիլէ մերձաւոր ամուսնութիւնները, բարձրացնելով զայն եօթը պորտ հեռու: Աշտիշատի Ժողովին առնուած վերոյիշեալ որոշումները կը նպաստեն ո՛չ միայն եկեղեցական կեանքի պայծառացման, այլեւ ամբողջ հայաստանի յառաջդիմութեան:
Ս. Ներսէս Հայրապետ, Արշակ Բ.ի հետ համագործակցաբար, կ’առաջնորդեն հայոց երկիրը: Սակայն կը պատահին պահեր, երբ երկրի քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւնները տարակարծութիւններ կ’ունեան իրարու հետ: Պատճառներէն մէկն էր Արշակաւան քաղաքի շինութիւնը, ուր թագաւորը հոն կը համախմբէ երկրի բոլոր յանցագործները եւ մեղապարտները, որոնք փախուստ տուած էին երկրէն: Ս. Ներսէս Հայրապետ կը մերժէ «Մեղապարտներու» քաղաքին գոյութինը, կը մերժէ նաեւ հոն կառուցուած եկեղեցիին օծումը կատարել. կ’առաջարկէ քանդել ամբողջ քաղաքը:
Արշակ Բ. Թագաւոր, դաւադրաբար սպանել կու տայ նաեւ իր եղբօրորդին Գնէլը եւ կնութեան կ’առնէ անոր կինը Փարանձեմը: Արշակի վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութենէն դժգոհ, Ներսէս Հայրապետ, որպէս բողոքի նշան, կը հեռանայ ասպարէզէն:
Ս. Ներսէս կաթողիկոս իր քրիստոնէական փայլուն նկարագրին, իմաստութեան ու ջանասիրութեան շնորհիւ, մեր պատմութեան մէջ ժառանգած է «Մեծ» տիտղոսը: Արժանացած է նաեւ «Հայոց Հայր» եւ «Սրտերու Լուսաւորիչ» կոչումներուն:
Մեծն Ներսէս Հայրապետ կը վախճանի 373 թուին, իր ետին թողելով՝ երկիւղած, աւանդապահ՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ, մարդասէր, սրբակենցաղ, զգաստ, բազմակողմանի կատարեալ շնորհքներով օժտուած հայրապետԻ կոչում: Ան կը թաղուի Եկեղեաց գաւառի Թիլ աւանի մէջ:
Հայ եկեղեցին տարին անգամ մը յատուկ տօնախմբութեամբ կը պատուէ մեծ սուրբին յիշատակը:
Մեծն Ներսէս Պարթեւ Հայրապետ հայ եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած է որպէս «Ծերանոցներու» բարեխօս սուրբ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան