
19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւորական Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասումը։ Առ այդ, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, սրբադասման արարողութեան մասնակցեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատուներէն Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան։ Մեսրոպ սրբազան հայրը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ Հռոմի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու։
Իսկ Լիբանանի մէջ, հայ կաթոլիկ Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ միաբան հայրեր։ Անոնք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհաւորանքն ու հոգեւոր զօրակցութիւնը։