ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ  12.1-8: Շաբաթ օրը  յարգելու հարցը

Շաբաթ օր մը Յիսուս ցորենի արտերուն մէջէն կ’անցնէր: Աշակերտները անօթեցած ըլլալով՝ սկսան հասկ փրցնել եւ ուտել: Երբ Փարիսեցիները ասիկա տեսան, ըսին Յիսուսի.

-Տե՛ս, աշակերտներդ ի՛նչ կ’ընեն. բան մը՝ որ մեր Օրէնքը կ’արգիլէ Շաբաթ օրով ընել:

Յիսուս պատասխանեց.

-Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան: Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն արտօնուած չէր իրեն եւ ոչ ալ իրեն հետ եղողներուն, այլ միայն քահանաներուն: Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրը Քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց: Ահա կ’ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Եթէ իրապէս հասկնայիք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ», այն ատեն չէիք դատապարտեր անմեղները, որովհետեւ Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին:

Աւետարաններուն մէջ քանի մը դէպքեր յիշատակուած են, ուր Յիսուս մեղադրուած է Շաբաթ օրով «Հրաշք» կատարած ըլլալուն համար:

Եբրայական Օրէնքին համաձայն շաբթուան եօթներորդ օրը՝ Շաբաթը, Աստուծոյ նուիրուած, հանգիստի եւ սուրբ օր կը համարուի: Քրիստոս բազմիցս կրկնած է, թէ Ինք է Տէրը Շաբաթին, սակայն Փարիսեցիները, Օրէնքի ուսուցիչները մերժած էին:

Քրիստոս, Հին Կտակարանին լաւատեղեակ ըլլալով, օրինակներ կը մէջբերէ ըսելով.«Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան: Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ: Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրերը քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց»(Մտ 12.3-5):

Քրիստոս դիտաւորեալ այս օրինակները կու տայ, որովհետեւ Դաւիթ Մարգարէ՝ եբրայեցի ժողովուրդի պատմութեան մէջ պայծառ դէմքերէն է եւ Հին Կտակարանի նշանաւոր «Սաղմոսաց» գիրքին հեղինակն է, որու  սերունդէն պիտի ծնէր Մեսիան՝ Փրկիչը: Իսկ քահանաները օրինակ էին Օրէնքի բծախնդիր գործադրութեան: Առաջինը՝ իբրեւ քաղաքական դէմք, թագաւոր եւ մարգարէ, իսկ երկրորդը՝ կրօնականներ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ, երկուքն ալ մեղքի եւ սխալի մէջ ինկած էին, սակայն մեղք չէին համարեր անոնց «սրբապղծումը»:

Քրիստոս, պէտքը չունէր այս բաղդատականը ընելու, ինքզինք արդարացնելու համար: Բայց կ’ուզէր անպայման մատնանշել անցեալին մէջ կատարուած կարգ մը սխալներ, որոնք մինչեւ Յիսուսի ժամանակները կը շարունակուէին եւ սխալ չէր համարուէր, որովհետեւ Օրէնքի ուսուցիչներ էին զայն կատարողները: Իսկ Յիսուս ինքզինք եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելով, կ’ըսէ. «Ահա կ’ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս» (Մտ 12.6): Քրիստոս, որպէս յաւիտենական Աստուած, Հին Ուխտի մէջ Ի՛նք հաստատած էր Շաբաթ օրը Սուրբ պահելու Օրէնքը եւ դիտաւորեալ Շաբաթ օրով  հրաշքներ եւ բժշկութիւններ կը կատարէր, բացայայտելու համար որ Ինք աշխարհ եկած էր վերանորոգելու մարդկութիւնը, որոնք առաջին ստեղծագործութենէն ետք շեղած  եւ սխալի մէջ ինկած  եւ կորսնցուցած էին դէպի Աստուած տանող ճանապարհը:

Հետեւաբար, շաբթուան բոլոր օրերն ալ Աստուած շնորհած է մեզի Քրիստոսի օրինակով բարիք եւ ողորմութիւն գործելու: Յիսուս կ’ըսէ բոլորին բացայայտօրէն.

«Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» (Մտ 12.7), իսկ հայկական արածը կ’ըսէ. «Հարկը կը լուծէ օրէնքը»:

Ողորմութիւնը, բարի սրտի պտուղ եւ ազնիւ զգացումներու արտայայտութիւնն է: Հետեւաբար, սիրելի հաւատացեալ, մէկդի թողունք փարիսեցիական օրէնքի տարրին կարչած կեղծաւոր հաւատացեալի ընթացքը, բանանք մեր սրտերը անկեղծօրէն, յարաբերինք մեր շրջապատին հետ, միշտ գերագոյն եւ վեհ նպատակներ հետապնդելով:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան