Աւագ Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 4-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Ճրագալոյցի ժամերգութեան ընթացքին Ս. Գրային ընթերցումներ կատարեցին, եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութիւնը, որմէ ետք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Պատարագը մատուցեց Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեղրիկ Բարիքեան կրտսերաց դպրաց դասը:
Պատարագի աւարտին, «Այսօր Յարեաւ ի Մեռելոց» շարականի երգակցութեամբ, սուրբ խորանէն Քրիստոսի Գերեզմանի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնուեցաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հայր Գարեգինին, որ իր կարգին, զայն բաշխեց հաւատացեալներուն՝ աւետելով Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը։
Աւարտին կատարուեցաւ նախատօնակի հանդիսութիւնը, ուր հաւատացեալներ վառուած մոմերը տարին իրենց տուները լուսաւորելու: