Ամէն տարի Ծաղկազարդի տօնին նախորդ Շաբաթ օրը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Ղազարոսի յարութեան յիշատակը:
Յիսուս երբ օր մը Երիքով կը գտնուէր, լսեց Մարթայի եւ Մարիամի եղբօր Ղազարոսի մահը եւ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս քնացած է, երթամ արթնցնեմ զինք» (Յհ 11.11): Երբ բեթանիա կը հասնի իր աշակերտներուն ընկերակցութեամբ, Ղազարոսին քոյրը՝ Մարթա լալով կը մօտենայ Քրիստոսի եւ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ» (Յհ 11.12): Յիսուս կը պատասխանէ. «Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (Յհ 11.23): Մարթա կը պատասխանէ. «Գիտեմ որ յարութիւն պիտի առնէ» (Յհ 11.24): Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպետեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ըսածիս: (Յհ 11.25-26): «Այո՝, Տէ՜ր, պատասխանեց Մարթա, կը հաւատամ թէ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր» (Յհ 11.27):
Մարթայի հետ ունեցած երկխօսութենէն Քրիստոս շատ գոհ կը մնայ, որովհետեւ այս զրոյցով Մարթայի ներսիդին գտնուած թերահաւատութիւնը կը վերածուի հաւատքի խոստովանութեան, Մարթա ըսել կ’ուզէ՝. «Ինչպէ՞ս չեմ հաւատար, Տէր իմ, միշտ ալ հաւատացած եւ խոստովանած եմ, թէ դուն բոլորիս սպասուած Մեսիան ես, Օծեալ Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհի փրկութեան համար պիտի գայիր»:
Ո՞ւր դրիք զայն կ’ըսէ Յիսուս յուզուած: Երկու քույրերը կ’առաջնորդեն զինք Ղազարոսի գերեզմանը: Հսկայ ամբոխ մը կը հետեւի անոնց: Յիսուս կը հրամայէ որ վերցնեն գերեզմանին քարը: Յետոյ կը մօտենայ, աչքերը երկինք կը բարձրացնէ ու կ’ըսէ.
«Հա՜յր, շնորհակալութիւն քեզի՝ որ լսեցիր զիս: Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս, բայց ինչ որ այսօր կ’ըսեմ՝ շուրջս գտնուող ժողովուրդին համար կ’ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յհ 11.41-42): Ապա բարձր ձայնով կը կանչէ. «Ղազրոս, դո՛ւրս եկուր» (Յհ 11.43): Յանկարծ գերմարդկային երեւոյթ մը կը պարզուի՝ իսկոյն մեռեալը կը հնազանդի եւ գերեզմանէն դուրս կ’ելլէ:
Ղազարոսի յարութիւնը կը խորհրդանշէ բոլոր քրիստոնեաներուն յարութինը՝ հանդերձեալ կեանքին մէջ: Քրիստոս կը փորձէ մարդոց հոգիէն վանել մահուան սարսափը, հաստատելով հոգիի անմահութեան գաղափարը: Այս արարքով Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ, թէ մահուան իմաստը կեանքին մէջ է: Անոնք որոնք գիտեն կեանքէն դէպի կեանք երթալ, իրենց հոգիին մէջ ունին Քրիստոսի խոստացած կեանքը, որովհետեւ ինք ըսաւ.«Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»(Յհ 14.6): Իսկ ժամամուտի շարականը կ’ըսէ.«Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց»:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան