Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ «ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ. «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի երիտասարդները այցելեցին Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան Հոգեւոր Հայրերուն եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչին կողմէ։ Գերպ. Հայրը Սուրբը ողջունեց զանոնք եւ իրենց հետ կիսեց իր մտածումներն ու խորհուրդները։

Այնուհետեւ, Գ.Ե.Մ.-ականները անդրադարձան իրենց դաստիարակչական կարգ մը ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչակից աշխատանքներուն մասին։

Գերպ. Հայր Սուրբը գնահատեց երիտասարդներուն աշխատանքները եւ Տէր Հօր հետ միասին, արտայայտեց իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու անոնց նախաձեռնութիւններուն։

Ջերմ հանդիպումը աւարտեցաւ այս հաստատումով, թէ պէտք է միշտ վեր պահել հոգեւոր արժէքներն ու ազգային ինքնութիւնը։