ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ

ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Հռ 7.25-8.11):

«Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղեկավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. Մինչդեռ անոնք որ հոգիին թելադրած ձեւով կ’ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է» (Հռ 8.5):

Սոյն աստուածաշնչական հատուածով առաքեալը մեր առջեւ կուրուագծէ երկու ուղղութիւն. Առաջինը՝ մարմնական ցանկութիւններ, իսկ երկրորդը՝ հոգեւոր ձգտումներ:

Առաջին հերթին կ’ըսէ. «Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղեկավարուին,à անոնց մտածելակերպը մարմնական է»: Աստուած նախամարդը ստեղծելէն ետք, առատօրէն անոր բաշխեց ամէն տեսակի բարիք: Աստուծոյ պարգեւած բարիքները վայելելու համար մէկ պայման կար, հնազանդիլ Աստուծոյ սահմանած կարգ ու կանոնին, որոնք կը յայտնուին պատուիրաններով: Աստուած յայտնեց, թէ այդ պատուիրանները չկատարողները պիտի պատժուին: Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած մարդը չկրցաւ հնազանդօրէն շարունակել իր կեանքը: Մեղանչեց տրուած պատուիրանին դէմ, այս անհնազանդութիւնը պատճառ դարձաւ իր դժբախտութեան: Մեղանչումի պատճառով մարդը դատապարտուեցաւ ցաւի, տառապանքի եւ մահուան: Աստուածաշունչը կ’ուսուցանէ, թէ սատանան նախանձեցաւ նախամարդոց վայելած բարիքներուն եւ երջանկութեան, զոր Աստուած տուած էր իրենց, ամէն տեսակ միջոց օգտագործեց եւ վերջապէս մարմնական պահանջքներու առաջնորդելով հեռացուց Աստուծմէ: Մինչդեռ նախամարդը ստեղծուած օրէն մօտիկ էր Աստուծոյ, իր սրբակեաց կեանքին համար: Մեղանչումէն ետք, սակայն, վախցաւ Աստուծոյ ներկայութենէն, որովհետեւ Աստուած կ’ատէ մեղքը:

Աստուած արդարօրէն պատժեց նախամարդիկը ու կը պատժէ նաեւ այսօր բոլոր անոնք, որոնք կը մեղանչեն:

Մարմնական պահանջքները, յաճախ սխալ հասկացողութեամբ, կը կարծուի թէ արգիլուած է քրիստոնեային համար: Սակայն պէտք է գիտակցինք, թէ կենսական պահանջք մըն է ան, միտքը հանդարտեցնելու եւ մեր ուժերը վերանորոգելու: Մարմնական պահանջքները երկու խումբերու կարելի է բաժնել.

ա-Բնական պահանջքներ:

բ-Մեղքի, փորձութեան եւ հեշտանքի առաջնորդող պահանջքներ:

Առաջինը արտօնուած է քրիստոնեային, որովհետեւ Աստուած մեզի ամէն ինչ առատ տուած է վայելելու համար, անմեղ պահանջքները մեզ կը կազդուրեն:

Մինչդեռ վնասակար պահանջքները, որոնք մարդիկ կը փնտռեն, կերուխումի, արբեցութեան, բախտախաղի, անբարոյ ընթացքի մէջ, որոնք կ’արատաւորեն, մադրու հոգին ու կ’պականեն անոր նկարագիրը: Այսպիսի պահանջքներ չեն յագեցներ մարդու հոգին, այլ ընդհակառակը կը գրգռեն զինք տկարացնելու անոր մարմինը եւ հոգին:

Մարմնական պահանջքները եւ վայելքները, որոշ չափով, ժուժկալութեան սահմաններու մէջ, Աստուծմէ մեզի տրուած են, երկու նպատակներով.

ա- Մեր ուժերը վերանորոքելու, հանգչելու եւ հանգստանալու համար:

բ-Աստուծոյ սէրը աւելի լաւ ճանչնալու եւ զԻնք փառաւորելու: Սակայն մարդիկ չափազանցութիւններով մարմնական բնական պահանջքները չարիքի եւ մեղքի կը վերածեն:

«Մինչդեռ անոնք որ հոգիին թելադրած ձեւով կ’ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է»(Հռ 8.5):

Հոգեւոր կեանքը կը ծաղկի մարդուն մէջ երբ ան հաւատքով կ’առաջնորդուի, որ կը նշանակէ կատարելապէս վստահիլ Աստուծոյ եւ մեր կեանքերը յանձնել Անոր խնամքին: Աստուած իր անսահման սիրով կը հոգայ մեզի, մեզմէ աւելի գիտէ, թէ ինչ բանի կարիքը ունինք: Մեզի կը մնայ միայն, ամբողջ սրտով ու լիակատար վստահութեամբ հաւատալ Աստուծոյ եւ Ան կու տայ մեզի ճշմարիտ կեանքի գիտութիւնը: Մեզմէ կը պահանջուի չկասկածիլ եւ կեղծաւորութիւն չընել, այլ ուղիղ միտքով եւ անկեղծ սիրտով ապաւինիլ Աստուծոյ խնամատարութեան:

Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ.«Որովհետեւ հաւատքով է որ կ’ապրինք առանց զԻնք տեսնելու: Բայց վստահութիւն ունինք, եւ շատ աւելի պիտի ուզէինք այս մարմինէն դուրս գալ եւ Տիրոջ քով ըլլալ»(Բ.Կր 5.7-9):

Հաւատքը մեր հոգեւոր կեանքի ուղեկիցը եւ պաշտպանը պէտք է ըլլայ: Ան որ Քրիստոսի ճշմարիտ հաւատքը ունի իր մէջ, լոյսի մէջ կը քալէ եւ պաշտպանուած կ’ըլլայ չարի ուժերուն դէմ: Սակայն պէտք է գիտակցիլ, թէ հոգեւոր ճանապարհով ընթանալը մարդս կ’ենթարկէ փորձութեան եւ չարին յարձակումներուն:
 

Գրիգոր Տաթեւացի Վարդապետ, գիրք հարցմանցի մէջ կ’ըսէ.«Հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, աստուածային առաքինութիւններ են: Աստուածային կը կոչուին, որովհետեւ վերուղղուած են Աստուծոյ: Հաւատքով կը տեսնուի Բարձրեալին բարութիւնը, յոյսով կը սպասենք Գերագոյն բարութեան, սիրով կը ցանկանք երկնային բարութեան: Դարձեալ հաւատքով կը հաւատանք, որ Աստուած Իր բարութեամբ ստեղծեց եւ վերստին փրկեց մեզ: Յոյսով կը սպսենք Անոր խոստացած ողորմութեանը: Սիրով կը սիրենք Աստուած եւ այդ պատճառով կը սիրենք մեր ընկերը, որ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած է»: Հոգեւոր կեանքի զարգացման համար մարդէն կը պահանջուի զոհողութիւն եւ առաքինութիւն, առանց ասոր հնարաւոր չէ հասնիլ հոգեւոր կեանքի եւ փրկութեան, որու արժանացած են սուրբերը երկինքի արքայութեան մէջ:

Առաքեալը իր նամակով ըսել կ’ուզէ, մարմնական պահանջքներէն առաջ, մարդու հոգին պէտք ունի բարոյական արժէքներով սնանելու եւ հոգեւոր ապրումներով ընթանալու , մաքուր միտքով եւ սուրբ սիրտով ապրելու: Հասնելու համար երջանկութեան աղբիւրին՝ Յիսուս Քրիստոսի:

ՄԱՏԹԷՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 12.38-45:

Հրաշքի մը խնդրանքը.

Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի.

-Վարդապե՛տ , կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

-Աստուծոյ անհաւատաիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ’ուզէք. բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ: Դատաստանի օրը Նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար: Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար: Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս:

Չար ոգիին վերադարձը.

-Երբ չար ոգին դուրս կ’ելլէ մարդու մը մէջէն, կ’երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար: Եւ երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ’ըսէ.«Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»: Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած: Ապա կ’երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ’ըլլայ: Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին:

Մարդկային կեանքի ամենավաղ շրջաններէն սկսեալ, մարդիկ նշաններու եւ հրաշքներու միջոցաւ է որ հաւատքի եկած եւ Աստուծոյ հաւատացած են:

Սրբազան Պօղոս առաքեալ, իր նամակներուն ճամբով յստակօրէն կը բացատրէ նշաններուն եւ հրաշքներուն նպատակը, որ կը միտի հեթանոսները հաւատքի առաջնորդել, իսկ հաւատացեալներուն արդէն տրուած է մարգարէութիւնները քննելու եւ անոնց իրականացումը սպասելու շնորհքը:

Եբրայեցի ժողովուրդի մեծագոյն յանցանքն էր, որ հակառակ մեր Տիրոջ նշաններուն եւ հրաշքներուն ականատես եղած ըլլալնուն, երբեք չհաւատացին եւ չթափանցեցին եղածներուն խորքը, որովհետեւ շնորհքէն աւելի Օրէնքին ու անոր տառացի գործադրութեան առաջնահերթութիւն տուին:

Այսօրուայ աւետարանական հատուածին մէջ կը տեսնենք կրկին թէ ինչպէս Փարիսեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի եւ ըսին.«Վարդապե՛տ, կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք»(Մտ12.38), Յիսուս յիշեցուց անոնց Հին Կտակարանէն մեծագոյն նշանը եւ հրաշքը, որ Յովնան մարգարէինն էր,թէ ինչպէս երեք օր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, ինչ որ «Մարդու Որդի»ին երեքօրեայ թաղումը եւ յարութիւնը կը խոհրդանշէր: Հրաշքին մէջ Յովնան մարգարէն կը ներկայանար որպէս Քրիստոսի նախատիպը:

Յովնան մարգարէին պատահածը, հաւատացեալին կը բացատրէ թէ՝ Յովնան մեղաւոր կեանքին համար, երեք օր կէտ ձուկին փորին մէջ ապաշխարեց, զղջաց, ապա արդարացած նոր յարուցեալ կեանքի դարձաւ:

Նինուէացիները նշան չխնդրեցին, այլ՝ Յովնանի քարոզութեամբը ապաշխարեցին:

Նոյնպէս Հարաւի թագուհին, Սողոմոնէն որեւէ նշան չտեսաւ, բայց անոր իմաստութեան հաւատաց, եւ ահա Յովնանէն եւ Սողոմոնէն աւելի մեծ էր Յիսուս, սակայն կեղծաւոր մարդիք նշան կ’ուզեն, որ հաւատան: Յիսուս կ’ըսէ անոնց. «Նինուէացիներն ու Հարաւի թագուհին դատաստանի օրը պիտի դատապարտեն ձեզ»(Մտ 12. 41-42), որովհետեւ Յիսուսի բոլոր հրաշքներուն, նշաններուն եւ քարոզութիւններուն ներկայ էին եւ տակաւին նշան կ’ուզէին տեսնել հաւատալու համար: Եբրայեցիք կը կարծէին, թէ Օրէնքով իրենք չարէն փրկուած են, բայց կը սխալէին, որովհետեւ իրենց փրկութիւնը հաւատքով եւ Ս.Հոգիի գործով չէր պտղաբերուած, այդպիսիներուն վերջը աւելի գէշ պիտի ըլլայ կ’ըսէ Յիսուս, որովհետեւ չարը եօթն անգամ աւելի զօրաւոր միջոցներով պիտի յարձակի եւ տապալէ զիրենք (Մտ 12.45)։

Քրիստոս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին շատ հրաշքներ գործեց, ոչ թէ փառաւորուելու երկրի վրայ, այլ Աստուծոյ փառքը հաստատելու երկրի վրայ, ապա գթալով տառապող մարդկութեան, նախ բժշկեց անոնց հոգիները, ապա ֆիզիքական ցաւերը:

Հետեւաբար, Քրիստոսն է Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած մեծագոյն եւ ճշմարիտ հրաշքը: Փարիսեցիներուն ու դպիրներուն նման մենք եւս չհամարձակինք ըսելու.«Նշան մը կ’ուզենք տեսնել» հաւատալու համար,այլ սաղմոսերգուին նման ըսենք.«Ճաշակեցէ՛ք, եւ տեսէք՝ թէ ի՜նչքան քաղցր է Տէրը. երանի՜ անոր՝ որ Տիրոջ կ’ապաւինի» (Սղ 34.8):

Արդ, այս աշխարհի մէջ ապրինք համապատասխան՝ այն ճշմարտութեան եւ ընթանանք այն ճանապարհէն, որ Քրիստոս Իր կեանքի օրինակով բացաւ մեր դիմաց, ուստի անվախ քալենք այն հաստատ համոզումով, որ պիտի հասնինք Աստուծոյ փառքին եւ երանաւետ թագաւորութեան:

ՏՕՆ ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐԱՑ

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հայ ժողովուրդի հաւատքի հայրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ՝ իր կեանքի վերջին օրերը, հայրապետական աթոռը իր զաւկին յանձնելէ ետք, կամաւորապէս կը թողու քաղաքը եւ կը հեռանայ, ճգնաւորական եւ աղօթքի կեանքի նուիրուելով, Սեպուհ լերան վրայ գտնուող Մանիայ քարայրին մէջ, անշուք եւ խաղաղ պայմաններու մէջ: Ս.Գրիգոր կը վախճանի 326ին: Ոչ ոք կ’իմանայ անոր մահը: Ժամանակ մը ետք Սեպուհ լերան վրայ դեգերող հովիւներ, կը գտնեն սուրբին անշնչացած մարմինը, կարծելով որ ծերունի ճցնաւոր մըն է,զայն կը թաղեն աննշան տեղ մը:

Շրջան մը ետք իր մտերիմ աշակերտներէն Բասենցի Գառնիկ անունով, կը սկսի լերան վրայի ճգնարանները փնտռել, գտնելու համար սուրբը: Երկար դեգերելէ ետք, ի վերջոյ հովիւներէն կ’իմանայ տխուր եղելութիւնը: Կը փութայ թաղուած վայրը եւ կը յայտնաբերէ սուրբին աճիւնները, յատուկ արարողութեամբ ամփոփել կու տայ Թորդան գաւառի մէջ:

Հայց. Առաքելական Ս.Եկեղեցին տարին երեք անգամ կը տօնախմբէ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին յիշատակը՝«Մուտն ի վիրապ»ի «Ելն ի վիրապ»ի եւ «Գիւտ նշխարաց»ի առիթներով: Իսկ Սուրբին նշխարներով պատրաստուած Ս.Աջը մինչ օրս կը պահուի Ս.Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններու յատուկ խնամքին ներքեւ: Ս. Աջով է, որ մեր հայրապետները կ’օրհնեն Ս. Միւռոնը:

Բարեխօսութեան Աղօթք Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչին.

Ո՜վ լուսատու հայր, քաջ հովիւ եւ ճշմարտութեան վկայ, միշտ ներկայ եղի՛ր մեր մէջ, ջերմացո՛ւր մեր սառած սրտերը աստուածպաշտութեան եռանդով եւ լուսազարդ պայծառութեամբ գեղեցկացուր սուրբ եկեղեցին, ուրկէ կ’առնենք մեր հոգեւոր սնունդը, կը սորվինք անոր ուղղափառ վարդապետութիւնը: Քու բարեխօսութիւնդ կը խնդրենք, որպէսզի միշտ յիշես մեզ Աստուծոյ Միածինին առջեւ ու օգնես մեզի սրբութեամբ եւ արդարութեամբ ապրելու մեր կեանքի օրերը:
 

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան