Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարի նշանաբանով մը դրոշմելու քառորդ դարու վրայ հաստատած իր աւանդութիւնը նոր օղակով մը հարստացուց, 2025 տարին հռչակելով՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ։
Այս առթիւ, Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագին, հաւատացեալներուն ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի 2025 տարուան Հռչակագիրը։
Նոյն օրը, յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին, Թեմիս բոլոր Եկեղեցիներէն ներս կարդացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին «ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ» հռչակագիրը։