ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ 2025՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հզօրացումը հետապնդելու աշխատանքներու ծիրէն ներս, լեզուի ու մշակոյթի կողքին, հայու ինքնութիւնը ամուր պահելու ճիգին մէջ մեծապէս էական կը նկատէ մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններու վերանորոգման ու վերակենսաւորման հրամայականը: Արդ, մեկնելով այս հաստատ համոզումէն, 2025 տարին կը հռչակէ «ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ»:

Կիրակի 19 Յունուար 2025-ին, թելադրութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի.

Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Խորանէն կարդացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Հռչակագիրը:

Հռչակագիրը ընթերցեց Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպտ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան: