ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՒ ԳԱՅԻԱՆԵԱՆՑ Ս.ԿՈՅՍԵՐ

Ծագումով հռոմայեցի կոյսեր, որոնք Բ. Դարու աւարտին  Հռոմէն փախստական եկած են Հայաստան, որովհետեւ Հռոմի Դիոկղետիանոս Կայսրը ամուսնանալ կ’ուզէր իր կայսրութեան մէջ ապրող գեղեցկագոյն աղջկան հետ: Այդ իսկ պատճառով, իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ փնտռել կու տայ, իր պահանջքները ամբողջացնող աղջիկը գտնել եւ բերել իրեն: Ի վերջոյ, Գայիանէ անունով մայրապետի մը քրիստոնէական կուսանոցին մէջ կը գտնուէր Հռիփսիմէ անունով կոյս մը, որ կ’ամբողջացնէր առաջին  տիկին ըլլալու պայմանները:

Կոյսերը  իմանալով  Կայսրին մտադրութիւնը, գիշերով գաղտնի կը հեռանան կայսրութեան սահմաններէն եւ կ’անցնին Եգիպտոս: Ապա Երուսաղէմի ճամբով կը հասնին Հայաստան ու կ’ապաստանին վարագայ լերան վրայ: Ս.Հռիփսիմէ Կոյսը իր հետ հայաստան կը բերէ Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը, երբ Տրդատ կանչել կու տայ, Սրբուհին անմիջապէս Ս. Մասունքը կը պահէ Վարագայ լերան վրայ:

Դիոկղետիանոս Կայսրը լսելով կոյսերուն Հայաստան ապաստանիլը՝ անմիջապէս լուր կը ղրկէ Հայոց Տրդատ թագաւորին, որպէսզի կոյսերը ձերբակալէ եւ Հռոմ ղրկէ:

Տրդատ թագաւոր ամէն կողմ փնտռել տալէ ետք կոյսերը, կը գտնէ եւ բերել կու տայ զանոնք իր քով: Թագաւորը հմայուելով Հռիփսիմէ կոյսի գեղեցկութենէն՝ ինք կ’ուզէ ամուսնանալ անոր հետ:

Տրդատ թագաւորի առաջարկը խստիւ կը մերժուի կոյսին կողմէ, ըսելով. «ես չեմ ամուսնանար հեթանոս թագաւորի մը հետ», որովհետեւ ինք արդէն իսկ ունի իր երկնաւոր փեսան Քրիստոսը:

Տրդատ թագաւոր կանչել կու տայ Գայիանէն, որպէսզի համոզէ իր սանուհին ընդունելու թագաւորին առաջարկը: Բայց Գայիանէ փոխանակ համոզելու Հռիփսիմէն, աւելիով կը քաջալերէ զինք, որպէսզի հաստատ մնայ իր հաւատքին մէջ եւ երբեք չտկարանայ:

Տրդատ կը զայրանայ եւ զանազան չարչարանքներու ենթարկելէ ետք Գայիանէն եւ իր հետ եղող կոյսերը՝ աչքերնին փորելէ եւ մարմիննին բզկտելէ ետք սպանել կու տայ երկու կոյսերը: Երբ մնացեալ կոյսերը կը մօտենան սուրբերուն մարմինները հաւաքելու եւ թաղելու, դահիճները իսկոյն զիրենք եւս կը բռնեն եւ կը նահատակեն: Այսպիսով բոլորն ալ թիւով երեսուն եւ եօթ կոյսեր կը նահատակուին հայոց աշխարհին մէջ 301 թ.:

Այս շրջանին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը գտնուէր Խոր Վիրապի մէջ: Նահատակ կոյսերու մարմինները օրերով անթաղ կը մնան իրենց նահատակութեան վայրերուն մէջ, եւ սակայն ոչ մէկ գազան կը մօտենայ յօշոտելու անոնց սուրբ մարմինները:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս գալէն ետք, յարգանքով եւ պատուով կը թաղէ կոյսերուն մարմինները եւ վկայարան մըն ալ շինել կու տայ անոնց գերեզմաններուն վրայ:

Հինգերորդ դարուն Ս. Սահակ Հայրապետ կը փնտռէ կոյսերուն նշխարները, կը հանէ զանոնք, եւ կը զետեղէ նոր վկայարանի մը մէջ:

Եօթներորդ դարուն Կոմիտաս Կաթողիկոս կը նորոգէ կոյսերուն տապանը, մեծ վկայարան մը շինելէ ետք, այդ առիթով կը յօրինէ իր նշանաւոր շարականը. «Անձինք նուիրեալք» այբենական կարգով 36 տուներէ բաղկացած շատ գեղեցիկ շարականը, ուր կը պանծացնէ կոյսերուն անթառամ յիշատակն ու առաքինութիւնները: