Շաբաթ, 17 Մայիս 2025, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գահիրէի Պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքի եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքի 15-րդ հանդիպումը, մասնակցութեամբ Մնայուն Յանձնախումբի վեց անդամներուն։
Ժողովը քննարկեց ներկայ աշխարհի պայմաններու լոյսին տակ երեք եկեղեցիները յուզող հարցեր, միջ-եկեղեցական յարաբերութեան առնչուած խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ եւ Արեւելեան Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու հետ առաւել սերտ գործակցութեան կարելիութիւնները։ Ժողովի աւարտին, երեք Հոգեւոր Պետերը միացեալ յայտարարութիւն մը ստորագրեցին։
Ժողովի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուող Հնդկաստանի Ասորի Եկեղեցւոյ եւ Հնդիկ Կաթողիկոսութեան դիմագրաւած վարչական տարակարծութեան։ Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջարկեց, որ Թաուատրոս Բ. Պատրիարք եւ ինք այս երկու եկեղեցիներու կաթողիկոսները Գահիրէ հրաւիրեն եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքի ներկայութեան հարցերը քննարկեն ու բարւօք լուծում առաջարկեն։ Երեք Հոգեւոր Պետեր համաձայնեցան Յուլիսին նախաձեռնել այս շինիչ քայլին։
Յայտնենք, որ Մնայուն Յանձնախումբի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անդամներն են Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան։