Պենտեկոստէն հրէական տօն մըն էր: Սինայի անապատին մէջ երբ Աստուծոյ կողմէ Մովսէս Մարգարէին կը յանձնուի «Տասնաբանեայ Պատուիրանները», այսինքն Օրէնքներու տուչութեան տօն է:
Հին Կտակարանի մէջ Սինա լերան վրայ Տէրը կրակին եւ ամպին մէջէն կ’երեւի Մովսէսին: Իսկ Նոր Կտակարանին՝ վերնատան մէջ հրեղէն լեզուներով կը հանգչի առաքեալներուն վրայ: Սինա լերան վրայ Աստուած եբրայեցի ժողովուրդին յատուկ Օրէնքներ կը յանձնէ Մովսէսի միջոցաւ: Իսկ քրիստոնէական Պենտեկոստէն կը յատկանշուի, որ փրկութեան աւետիսը կը քարոզուի աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, իրենց սեփական լեզուներով:
Նոր Պենտեկոստէն տօնն է նոր եկեղեցւոյ, որ սկսաւ տարածուիլ եւ յառաջդիմել, շնորհիւ հրեղէն լեզուներով զօրացած եւ աստուածգիտութեամբ օժտուած առաքեալներուն: Գործք Առաքելոց գիրքը ինքնին բաւարար է ցոյց տալու թէ ինչպէս առաքեալները քրիստոնէական կրօնքը կարողացան ամբողջ աշխարհին փոխանցել: Երկչոտ, պարզ այդ ցկնորսները Սուրբ Հոգին ստանալէ ետք, հռետոր եւ ճարտասան քարոզիչներու վերածուեցան, որոնց դիմաց ոչ մէկ ոյժ կարողացաւ դէմ կենալ, կայսրերն անգամ խոնարհեցան եւ մկրտուելով Սուրբ Հոգիի շնորհքները ստացան:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան