Անցեալ յօդուածով ըսինք, թէ Նիկիոյ ժողովի ընթացքին խմբագրուեցաւ «հաւատամք»ը, զոր ամէն Կիրակի կ’արտասանենք սուրբ պատարագի ընթացքին։
Կ’արժէ յիշել սակայն, որ այդ մէկը առաջին հաւատամքը չէ Քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Օրինակ, Ա. Կորնթացիներու նամակին 15-րդ գլխուն մէջ կը հանդիպինք հաւատամքի մը. Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «ես ձեզի փոխանցեցի այն հաւատքը որ նախ ե՛ս ընդունեցի. Այն՝ որ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, ինչպէս Սուրբ Գիրքերը կ’ըսէին, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, դարձեալ սուրբ գիրքերուն համաձայն, ու երեւցաւ Պետրոսին եւ ապա տասնըմէկ առաքեալներուն»։ Այս դաւանական հռչակագիրը ամենահիներէն է եւ կը կարծուի սկիզբ առած է Երուսաղէմի մէջ՝ առաջին քրիստոնեայ հաւատացեալներուն եւ առաքեալներու կողմէ, որ կ’ամփոփէ կեդրոնական հաւատալիքները՝ Յիսուսի մահը, թաղումը եւ յարութիւնը։
Ասկէ առկախ, կ’արժէ անդրադառնալ որ 2-րդ դարուն Հռոմի մէջ կարճ եւ ամփոփ հաւատքի դաւանանք մը կար, որ մկրտուողներէն կը պահանջուէր գոց արտասանել զայն նախքան իրենց մկրտութիւնը։ Երբ մկրտուողը նորածին մը ըլլար, անոր փոխարէն իր ծնողքը կ’արատասանէր զայն։ Այս նոյն հաւատամքը, 4-8 դարերուն միջեւ առաքեալները զարգացուցին, քիչ մը աւելի յստակութիւն տալու համար, եւ մինչեւ այսօր կ’ընթերցուի մկրտութեան խորհուրդին ընթացքին։
«կը հաւատանք ամենասուրբ երրորդութեան՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին։ Կը հաւատանք Գաբրիէլի ձեռամբ աւետումին, Քրիստոսի ծնունդին, մկրտութեան, չարչարանքներուն, խաչելութեան, երեքօրեայ թաղումին, յարութեան, աստուածապէս համբառնալուն եւ Հօր աջ կողմը նստելուն, եւ ահեղ ու փառաւոր երկրորդ գալուստին։ Կ’ընդունինք եւ կը հաւատանք»։ Ինչպէս տեսաք, վերեւ նշուած հաւատամքները, չեն զբաղիր աստուածաբանական հարցերով. միայն աշխարհի վրայ Քրիստոս առաքելութեան ամենէն կարեւոր հանգրուանները կը յիշեն։ Որովհետեւ մինչեւ Նիկիոյ ժողովը, կարիք չէ զգացուած այդ հաւատամքներուն մէջ Քրիստոս Աստուածութեան մասին խօսիլը։
Ուրեմն, Հաւատամքը անցեալէն մինչեւ այսօր, մեր հաւատքի արտայայտութիւնը եղած է եւ ճանչցուած է «հաւատքի հանգանակ» անուանումով։
Կարեւոր է հաւատամքը գիտնալ, որովհետեւ՝
- Քրիստոնէական ճշմարտութիւնները իրար հետ միաւորելուն կողքին կը միաւորէ հաւատացեալները։ Երբ մեր խոստովանութեամբ միանանք Քրիստոսի, կը միանանք Քրիստոսի եկեղեցիին եւ հաւատացեալներուն։ Որովհետեւ հաւատքը միութիւն ու սէր կը պահանջէ։ Չենք կրնար Քրիստոսը սիրել առանց Քրիստոսի միացած հաւատացեալները սիրելու։ Մենք մեր միութեամբ կ’արտայայտենք մեր հաւատքը ճիշդ ինչպէս Քրիստոս կ’ըսէ. «Ձեր զիրար սիրելով է, որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յհ 15։35)։ Ուրեմն, մեր հաւատամքին մէջ, զոր կ’արտասանենք, պէտք է սէր եւ միութիւն ըլլայ. Պօղոս առաքեալ եւս, երբ կը գրէ Հռոմի եկեղեցիին կ’ըսէ. «շատ կը փափաքիմ ձեզի տեսնել… իրար քաջալերենք այն հաւատքով, որ ունինք դուք եւ ես» (Հռ. 1։11-12)։
- Քրիստոնէութիւնը միայն յուզում եւ զգացում չէ։ Անիկա հանդիպում է ճշմարտութեան հետ։ Մեր կրօնքին մէջ պէտք չէ միայն զգացում փնտռենք, այլ Աստուծմէ տրուած ճշմարտութիւնները։ Ճշմարտութիւնները, ամպայմանօրէն զգացում չեն ծնիր, բայց մեր միտքը կը բանան եւ կ’առաջնորդեն փրկութեան։ Արդ, քրիստոնեային կեանքը ճիգ մը պէտք է ըլլայ, այդ ճշմարտութիւնները պահելու եւ այդ ճշմարտութիւններով առաջնորդուելու։
- Հաւատամքը ուղեգիծ եւ վահան է սխալ վարդապետութիւններու դէմ։ Հոգեւոր ամրութիւն կու տայ հաւատամքը եւ կը ծանօթացնէ մեզի մեր հաւատքի ամենակարեւոր վերնագիրներուն։ Այսօր, երբ շատ մը եկեղեցիներ վերստին մկրտութեան կը հրաւիրեն հաւատացեալներ, հաւատամքը իր պարզ տողերուն մէջ կը յիշեցնէ թէ մկրտութիւնը մէկ անգամ ըլլալիք խորհուրդ մըն է։ Այսպէս շատ օրինակներ կարելի է տալ։
- Քրիստոնէական ճշմարտութիւնները Քրիստոս ինք յայտնեց մեզի, թէ Հին Կտակարանով՝ գրաւորապէս, եւ թէ՛ իր մարդեղութեանը մէջ՝ բերանացի։ Առաքեալները, այս ճշմարտութեանց պահապանները եւ փոխանցողները եղան, թէ բերանացի քարոզութեամբ, եւ թէ՛ գրաւորապէս, Նոր Կտակարանի գիրքերով։ Ուրեմն, հաւատամքը, որ զուտ աստուածաշնչական տուեալներու վրայ հիմնուած է, իր աղբիւրը ունի Յիսուս Քրիստոսը։
Վերջապէս, համոզումով արտասանուած Հաւատոյ հանգանակը ոչ թէ միայն մտքի խոստովանութիւն է, այլեւ կեանքի ճանապարհ։ Երբ հաւատք հռչակենք եւ խոստովանինք մէկ Աստուծոյ արարչագործութեան, փրկագործութեան եւ առաջնորդութեան, մեր կեանքը կ’ըլլայ Աստուծոյ նուիրուած կեանք եւ Աստուծոյ ճշմարտութեամբ լեցուած կեանք։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան