Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ղօղանջներուն ներքոյ, հայրապետական շքեղ թափօրը, իր շարքերուն մէջ ունենալով Դպրեվանքի սաները, Կիլիկեան ուխտի Միաբանութիւնը, Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասը, Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի եւ Ժտէյտիի սկաուտները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, հայ եկեղեցւոյ երկրորդ լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգորին օրհնաբաշխ Աջով եւ այլ սուրբերու սրբազան մասունքներով, շրջեցաւ Մայրավանքին շրջափակը՝ պահելով երջանկայիշատակ Տ. Տ. Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին հաստատած Անթիլիասի Ուխտի Օրուան գեղեցիկ աւանդութիւնը։
Արդարեւ, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 6 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։
«Որքա՜ն գեղեցիկ է Քու բնակարանդ, Տէ՜ր զօրութեանց։ Ամբողջ հոգիով կը ցանկամ այստեղ՝ գաւիթներուդ մէջ, բնակիլ։ Սիրտս ու հոգիս Քեզ կ՚օրհնաբանեն, ո՜վ անկարօտ Աստուած» սաղմոսին բառերը արտասանելով՝ սրբազան հայրը իր գոհութիւնն ու փառքը յայտնեց Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ պարգեւեց Անթիլիասի Ուխտի Օրուան առիթով միատեղ հաւաքուելու։ Ան դիտել տուաւ, որ Լուսաւորիչին Խոր Վիրապի մուտքին ու չարչարանաց յիշատակը առիթ է պատմութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու. «գէթ մեր ժողովուրդը պէտք է յիշէ, որ 301 թուականին մեր ազգը Աստուծոյ ճանաչողութեան տանելու համար, Խոր Վիրապի խաւարէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի միջոցով Տէրը մեզի պարգեւեց Իր անվախճան լոյսը», ըսաւ ան։ Շահէ սրբազան իր քարոզին մէջ հաւատացեալներուն փոխանցելով «Անթիլիասէն ներս Սուրբ Գրիրգոր Լուսաւորիչի խնկելի շունչն ու յիշատակը կը թեւածեն» գեղեցիկ պատկերը՝ յայտնեց, որ այս առիթը մեր ժողովուրդին կը յիշեցնէ, որ հայ կեանքի տեսակաւոր անկումներէ ետք, հայ եկեղեցին ի վերջոյ Անթիլիասի Մայրավանքով յաջողեցաւ գտնել ապահով ապաստարան մը, որուն մէջ հաւատարմօրէն կը պահպանուին մեր ժողովուրդին հոգեւոր արժէքներն ու ազգային տեսլականները։ Ան մաղթեց, որ Կաթողիկոսարանիս Ուխտի Օրուան առիթով գոհունակութեամբ մեր աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնենք ու Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզի պարգեւած Իր այս շնորհքին համար։
Շահէ արքեպիսկոպոս ապա ընդգծեց եկեղեցւոյ կարիքը իր հաւատաւոր զաւակներու սիրոյն ու հաւատարմութեան եւ այս առումով ան թելադրեց, որ մենք մեր եկեղեցին, կառոյցներն ու հաստատութիւնները շրջապատենք սիրով ու հոգածութեամբ, որպէսզի անոնցմով մեր կեանքը ըլլայ աւելի գիտակից ու զօրեղ։ Վերջապէս, ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ մեր Սուրբ Աթոռով տարուած նուիրական աշխատանքը դառնայ աւելի արդիւնաւոր, մեր ժողովուրդին հաւատքը առաւել եւս պայծառանայ եւ սրբազնագոյն մեր հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մականը ըլլայ ծաղկուն, մեր Միաբանութեան ծառայութիւնը՝ առաւել նուիրեալ, որպէսզի ծառայական վերանորոգ ոգիով մեր կեանքը պայծառանայ, ի խնդիր եւ ի փառաբանութիւն եկեղեցւոյս ու ազգիս հայոց։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ սուրբ Լուսաւորիչ հայրապետին Աջով գլխաւորուած եւ բազմաթիւ սրբազան մասունքներով կազմուած մեծաշուք թափօրը շրջեցաւ Կաթողիկոսարանին շրջափակին մէջ։ Ապա, մայր խորանին վրայ եւ Լուսաւորիչի Աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէք, որուն ընթացքին Հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց եւ հայցեց Լուսաւորիչ սուրբ հայրապետին բարեխօսութիւնը եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ Իր հովանիին տակ պահէ մեր ազգը, Հայրենիքը ու եկեղեցին։
Նշենք, որ եկեղեցական հոգեպարար արարողութենէն ետք սուրբ խորանի բեմին վրայ զետեղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Սուրբ Սեղբեստրոս ու Սուրբ Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, մինչեւ ուշ երեկոյ, որպէսզի հաւատացեալները ստանան անոնց օրհնութիւնը։