ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 29 Յունիս 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, թելադրութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30 ամեակին առիթով։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։

Արարողութեան մասնակցեցան Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէեանն ու Սարկաւագաց եւ Դպրաց դասերը:

Հաւատացեալներու սրտաբուխ աղօթքներ, Սուրբ Գրային ընթերցուածներ բարձրացուեցան առ Աստուած՝ մաղթելով անսասանութիւն եւ պայծառութիւն Եկեղեցւոյ, արեւշատ եւ երկար օրեր Վեհափառ Հայրապետին եւ յաւերժութիւն ազգիս հայոց։