ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Հ.Օ.Մ.-Ի ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի ամենօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը, առաջնորդութեամբ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, համախմբուեցան Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի մուտքի Ցեղասպանութեան յիշատակի Յուշարձանին դիմաց:

Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի կողմէ արտասանուած աղօթքէն ետք, պահանջատէր հայու գիտակցութեամբ վերանորոգեցին իրենց ուխտը հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին, եւ կոչ ուղեցին համայն մարդկութեան «Քանդելու լռութեան շղթան» եւ պաշտպանելու հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատը: