Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Թեմիս, տեղի ունեցաւ հայեցի դաստիարակութեան հետ առընչուող ներկայացումներ՝ հայկակական վարժարաններէն ներս, գլխաւորութեամբ Հոգեբան Նորա Շիթիլեանի։ Տիկին Շիթիլեան Ազգային Առաջնորդարանի հրաւէրով Լոս Անճելըսէն ժամանած էր Մոնթրէալ աշխատանոցներ վարելու համար ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն համար։
Երեքշաբթի, 18 Մարտ 2025-ին, Տիկին Շիթիլեան այցելեց ՀԲԸՄ Ալէք Մանուկեան վարժարան, ուր Պր. Շահէ Թանաշեան՝ վարժարանի տնօրէնը, հիւրընկալեց զինք եւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։ Հոգեբան Շիթիլեան հանդիպումներ ունեցաւ աշակերտութեան եւ ուսուցիչներուն հետ։
Աշակերտներուն ներկայացուց՝ «Կառուցել պատկանելիութեան մշակոյթը՝ փոքր արարքներով մեծ կապեր ստեղծել» նիւթը։
Ուսուցիչներուն ներկայացուց՝ «Դիմացկուն դասարաններու կառուցում՝ Աջակցիլ աշակերտներու հոգեկան առողջութեան եւ ընդհանուր բարեկեցութեան՝ 21-րդ դարուն» նիւթը։
Նոյն երեկոյեան, ՀԲԸՄ Ալէք Մանուկեան վարժարանէն ներս, դարձեալ հիւրընկալութեամբ Պրն. Շահէ Թանաշեանին եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ծնողներու համար յատուկ երեկոյ մը, ուր Տիկին Շիթիլեան անդրադարձաւ «Երեխաներուն հետ խօսելու արուեստը՝ հաճելի եւ հաղորդական ոճով» թեմային մասին։
Ուրբաթ, 21 Մարտին, Տիկին Շիթիլեան այցելեց Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարան, ուր Օրիորդ Լորի Ապրաքեան՝ վարժարանի տնօրէնը հիւրընկալեց զինք եւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան։ Հոգեբան Շիթիլեան հանդիպում ունեցաւ ուսուցիչներուն հետ, նիւթ ունենալով՝ «Դիմացկուն դասարաններու կառուցում՝ Աջակցիլ աշակերտ-ներու հոգեկան առողջութեան եւ ընդհանուր բարեկեցութեան՝ 21-րդ դարուն»։
Ազգային Առաջնորդարանին համար հայեցի դաստիարակութիւնը կարեւոր նախադրեալներէն է՝ ամրապնդուիլ ազգային պատկանելիութեամբ, պահել եւ գործադրել հայ ժողովուրդի տոհմիկ աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները, նոր սերունդը ծանօթացնել մշակութային մեր արժէքներուն եւ հայ պատանին պահել հայ՝ հոգիով, միտքով եւ ապրումով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ