ՀԱՄԲԵՐԷ՛ ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԸՍԵՄ ՔԵԶԻ

Երբ կը մտածենք Սուրբ Աստուածածնին մասին, մեր մտքին մէջ կը պատկերացնենք անոր սրբութիւնը, մաքրութիւնը, հեզութիւնը եւ Աստուծոյ ընտրեալ ըլլալու մեծ շնորհքը։ Սուրբ Աստուածածին այն անձն էր, որուն ճամբով Աստուած մարդ պիտի դառնար, եւ ինք՝ Աստուածամայր։ Իր Որդին՝ Յիսուս, Աստուծոյ հրեշտակին փոխանցածին համաձայն՝ «մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի»… «յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ» (Ղկ 1.31-33)։

Այս բոլորը կարդալով՝ բնական է մտածել, թէ այսպիսի բացառիկ շնորհքի մը արժանացած անձի մը կեանքը պէտք է ըլլար խաղաղ եւ զերծ դժուարութիւններէ։ Սակայն Աւետարանը մեզի ուրիշ բան կը սորվեցնէ. Սուրբ Աստուածածնին կեանքը օրհնուած էր, բայց զերծ չէր դժուարութիւններէ։

Աստուծոյ ընտրեալն էր, բայց անորոշութիւններու, վտանգներու եւ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցաւ։ Եւ հոս Սուրբ Աստուածածինը կը դառնայ մեզի համար հաւատքի մեծ ուսուցիչ մը։ Ան կը սորվեցնէ, որ օրհնուած ըլլալ չի նշանակեր դժուարութիւններէ զերծ ըլլալ։ Հաւատքը չի նշանակեր, որ մեր կեանքին մէջ այլեւս նեղութիւն պիտի չըլլայ։ Հաւատքը կը նշանակէ՝ այդ նեղութիւններուն մէջ անգամ շարունակել վստահիլ Աստուծոյ։

Երբ հրեշտակը Մարիամին յայտնեց Աստուծոյ ծրագիրը, ան չէր գիտեր, թէ ամէն ինչ ինչպէ՛ս պիտի ըլլար։ Երբ հովիւները Բեթղեհէմ գացին եւ պատմեցին հրեշտակին աւետիսը, թէ՝ «Մի վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի փրկիչ մը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է։ Հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.- հոն մանուկ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած»… «Մարիամ բոլոր այս ըսուածները միտքը կը պահէր եւ անոնց վրայ կը խոկար» (Ղկ 2.19)։

Երբ Յովսէփն ու Մարիամ Մանուկը Տաճար տարին, Սիմոն ծերունիին խօսքերը լսեցին. «Յիսուսի հայրն ու մայրը զարմանքով մտիկ կ’ընէին այս խօսքերը, որ Սիմոն կ’ըսէր մանուկին մասին» (Ղկ 2.33)։ Իսկ երբ Յիսուսը պատանի տարիքին մէջ Տաճարին մէջ գտան, աւետարանիչը կը գրէ. «Իր մայրը այս բոլոր բաները իր սրտին մէջ կը պահէր» (Ղկ 2.51)։

Այս բոլորին մէջ մէկ բան յստակ է. Սուրբ Աստուածածնին հաւատքը ամէն բան հասկնալու վրայ հիմնուած չէր։ Ան ամէն բան չէր հասկնար, բայց իր սրտին մէջ կը պահէր եւ կը վստահէր Աստուծոյ։

Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը, սակայն, զինք չպաշտպանեց դժուարութիւններէ։ Յիսուս ծնաւ, բայց Բեթղեհէմի մէջ տեղ չկար իրենց համար։ Հազիւ ծնաւ Փրկիչը, վտանգն ալ յայտնուեցաւ։ Հերովդէս թագաւորը կը փնտռէր մանուկը, եւ Յովսէփն ու Մարիամ ստիպուեցան գիշերով Եգիպտոս փախչիլ՝ մանուկը իրենց գիրկը։ Չէին գիտեր, թէ մինչեւ ե՛րբ պիտի մնային այնտեղ։ Անոնց ըսուած էր միայն՝ «մինչեւ որ ըսեմ քեզի»։

Ուրեմն, Աստուծոյ վստահիլ չի նշանակեր ամէն բան հասկնալ։ Չի նշանակեր ամբողջ ճամբան գիտնալ։ Կը նշանակէ վստահիլ որ Աստուած է մեր առաջնորդողը, եւ որ ճամբէն ալ տանի մեզ, «դալար արօտավայրերու կ’առաջնորդէ»։

Սակայն Աստուծոյ վստահիլ չի նշանակեր նաեւ ոչինչ չընել։ Սուրբ Աստուածածինը չըսաւ. «Եթէ այս մանուկը Աստուծոյ Որդին է, ինչո՞ւ Եգիպտոս փախիմ»։ Չըսաւ. «Եթէ Աստուած անոր հետ է, ինչո՞ւ վտանգ»։ Ան Աստուծոյ վստահելով՝ քայլ մը առաւ։

Աստուծոյ վստահութեան իրական պատկերը այս է։ Աստուծոյ վստահիլ չի նշանակեր ոչինչ չընել։ Աստուծոյ վստահիլ կը նշանակէ ընել այն, ինչ որ մեր բաժինն է, եւ մնացածը յանձնել Աստուծոյ։

Եթէ հիւանդ ենք, կ’աղօթենք եւ նաեւ բժիշկին կը դիմենք։ Եթէ որոշում մը պէտք է առնենք, կ’աղօթենք, իմաստութիւն կը խնդրենք Աստուծմէ, կը մտածենք, կը խորհրդակցինք եւ պատասխանատու որոշում կ’առնենք։ Եթէ սխալ մը գործած ենք, կը զղջանք, կը սրբագրենք եւ կը փորձենք ուրիշ կերպ ապրիլ։

Սուրբ Աստուածածինը չէր գիտեր ամբողջ ճանապարհը, բայց գիտէր իր յաջորդ քայլը։ Այսօր մենք ալ շատ անգամ կ’ուզենք, որ Աստուած մեզի ամբողջ քարտէսը տայ՝ գիտնալու համար, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ մեր դժուարութիւնը ե՛րբ պիտի վերջանայ։ Սակայն Աստուած շատ անգամ ամբողջ ճանապարհը չի ցոյց տար։ Ան մեզի կու տայ յաջորդ քայլը։

Այսօր մեր կեանքին մէջ ալ կան պահեր, երբ կը զգանք, թէ մենք ալ «Եգիպտոսի ճանապարհին» ենք. կեանք մը, որ չէինք ծրագրած, դուռ մը, որ փակուեցաւ, մարդ մը, որ հեռացաւ, ծրագիր մը, որ չիրականացաւ կամ սպասում մը, որ երկարեցաւ։

Այդ պահերուն Սուրբ Աստուածածինը մեզի կը սորվեցնէ վստահիլ, համբերել եւ շարունակել ճանապարհը։

«Մինչեւ որ քեզ ըսեմ»։ Այս բառերը մեզի կը յիշեցնեն, որ Աստուծոյ հետ ապրող մարդուն կեանքին մէջ միշտ չէ, որ ամէն բան արագ կը պատահի։ Երբ սերմ մը կը ցանենք, չենք տեսներ, թէ հողին տակ ի՛նչ կը կատարուի։ Բայց կը սպասենք եւ կը վստահինք, որ օր մը պիտի ծլի։ Աստուծոյ գործն ալ միշտ անմիջապէս չենք տեսներ։

Վերջապէս, հաւատալ Աստուծոյ չի նշանակեր, որ ամէն դժուարութիւն Աստուծմէ կու գայ։ Ամէն վատ բան Աստուծմէ չէ, եւ ցաւը կամ չարիքը պէտք չէ արդարացնել՝ ըսելով, որ «Աստուած այդպէս ուզեց»։ Սակայն Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի Հռոմայեցիներու 8.28-ին մէջ, որ Աստուած նոյնիսկ չարիքի, ցաւի եւ անորոշութեան մէջ կրնայ առաջնորդել եւ բարին գործել։

Աստուծոյ ապաւինողը ամօթով չի մնար։ Կը մնայ հաւատարիմ եւ կը շարունակէ վստահիլ Անոր բարութեան, հայրութեան, ողորմութեան, գթութեան եւ սիրոյն։

Թող Սուրբ Աստուածածինը բարեխօսէ մեզի համար, որպէսզի մենք ալ իր նման պահենք մեր սրտին մէջ այն բաները, որոնք այսօր չենք հասկնար, աղօթքով յանձնենք զանոնք Աստուծոյ եւ շարունակենք մեր ճանապարհը՝ վստահ ըլլալով, որ Աստուած, որ մեզ մեր անուններով կը ճանչնայ, մեզ երբեք մինակ չի ձգեր։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան