ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հինգշաբթի 29 Մայիս 2025-ի երեկոյեան Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ` Գերպ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան:

Եկեղեցական հանդիսութենէն ետք, Համբարձման տօնը գեղարուեստական պարերգներով եւ տօնին անբաժան «Վիճակ քաշելու» իւրայատուկ խաղերով շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ Յովնանեան սրահէն ներս: