ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԼԱՁՈՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒ

Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի այցելեցին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ Համազգայինի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին։ Անոնք դիմաւորուեցան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քահանայ Միքայէլեանի եւ Եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ։

Համազգայինի ներկայացուցիչները եկած էին շնորհաւորելու Գերապատիւ Հայր Սուրբը՝ իր նոր պաշտօնին եւ Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանի տուչութեան առիթով։ Հանդիպման ընթացքին, անոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը: Այս առիթով, անոնք Հայր Սուրբին նուիրեցին իրենց յոբելենական տարուան առթիւ հրատարակած յուշամատեանէն օրինակ մը։

Հայր Սուրբը, իր կարգին, անդրադառնալէ ետք Վեհափառ Հայրապետի նոր Տարուան Հռչակագիրին եւ արծարծելէ ետք կարգ մը նիւթեր, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան եւ նուիրումին համար. Աւարտին, Հայր Սուրբը օրհնեց անոնց աշխատանքը եւ շեշտեց համագործակցութեան կենսական դերը Հայ Մշակութային արժէքներու պահպանման ու փոխանցման մէջ։