Կ.Պոլսոյ Տիեզերական սուրբ ժողովը գումարուած է 381 թուին, Թէոդորոս Կայսեր հրամանով եւ 150 հայրապետներու մասնակցութեամբ, Մակեդոնի հերետիկոսական մտածումներուն պատճառով:
Մակեդոն արիոսականներու կողմէ Կ.Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած էր, մինչ ուղղափառները ընտրած էին Պօղոս անունով եկեղեցական մը: Կայսեր հրամանով Պօղոս կը հեռացուի իր պաշտօնէն, որու փոխարէն կը նշանակուի Մակեդոն: Բայց յետագային, կայսրը անոր վատ եւ մոլորեցնող ընթացքը տեսնելով, զինք եւս կը հեռացնէ աթոռէն: Մակեդոն կ’անցնի արիոսականներու կողմը եւ կը սկսի քարոզել իր մոլորեցուցիչ ուսուցումները:
Արիոսականները կ’ուսուցանէին թէ Ս. Հոգին համահաւասար եւ համագոյակից չէ Հօր եւ Որդիին, այլ անոնցմէ ստորադաս է:
Թէոդորոս կայսրը խռովութիւններու եւ աղանդաւորական շարժումի առաջքը առնելու նպատակով կը հրամայէ ժողով մը գումարել եւ հոն հաստատել ու դաւանիլ Ս. Երրորդութեան հաւասարութիւնը:
Այս ժողովին, ըստ աւանդութեան, Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ ներկայ կ’ըլլայ Ս. Ներսէս Հայրապետ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան