Կիրակի 8 Յունիս 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ եկեղեցիէն ներս:
Հանդիսութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ՝ Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի արտասանած Տէրունական աղօթքով եւ աշակետութեան կողմէ կիրակնօրեայ դպրոցներու քայլերգի երգեցողութեամբ:
Հանդիսութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, Հոգաբարձութեան ներկայացուիչ Սիլվանա Պապիկեան եւ աշակերութեան ծնողները:
Աշակերտներ թիւով 95, իւրաքանչիւրը իր դասարանի դաստիարակի առաջնորդութեամբ Սաղմոսներու, Սուրբ Գրային ընթերցումներու ընթերցանութեամբ, կենդանի պատկերներ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայոց պատմութենէն քաղուած, ինչպէս նաեւ խմբերգներ խմբավարութեամբ Պետիկ Կիս. Սրկ. Տաուտեանի, գեղեցիկ եւ հաճելի պահեր ապրեցուցին ներկաներուն:
Գերապատիւ Հայր Սուրբին գնահատական եւ քաջալերական խօսքով եւ Արժանապատիւ Տէր Հօր փակման աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:
Աւարտին, ներկաները եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս հիւրասիրութեան մասնակից դարձան: