ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

Պետրոս Առաքեալի Նամակէն.

«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին»(Ա. Պտ 5.7):
 

Պետրոս առաքեալի առաջին ընդհանրական նամակէն վերոյիշեալ համարը կը պատուիրէ, թէ Աստուծոյ վստահելով երբեք չի մտահոգուինք: Երբ մեղքի հետեւանքով ու ամէնօրեայ մտահոգութիւններով ծանրաբերնուինք, դրսեւորած կ’ըլլանք մեր կասկածամտութիւնը՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած վստահութեան: Սակայն ապաշխարութեան ճամբով ու Աստուծոյ կամքին հնազանդելով՝ փարատած կ’ըլլանք ամէն տեսակի մտահոգութիւն, ստոյգ գիտնալով, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ 1.37):

Պօղոս առաքեալ հակառակ որ կը գտնուէր բանտի մէջ եւ կը կրէր ամէն տեսակի նախատինք ու հալածանք մեզի կը թելադրէ ըսելով. «Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. Այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք» (Փլպ 4.6):

Անկասկած, իւրաքանչիւրս մտահոգութիւններ ունինք. Բոլորովին անհոգ գտնուիլը անտարբերութեան նշան է: Սակայն առաքեալը վերոյիշեալ համարով մեզ կը հրաւիրէ մեր մտահոգութիւնները աղօթքի ճամբով Ասուծոյ վստահինք:

Յատկանշական է Սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքը. «Քու հոգդ Տիրոջ վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի չսասանեցնէ» (Սղ 55.22):

Լերան քարոզին՝ Յիսուս խօսելով աշխարհիկ մտահոգութիւններու մասին, կը թելադրէ չմտահոգուիլ բոլոր այն կարիքներով, որ արդէն Աստուած աւելիով կու տայ մեզի. « Մի մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ինչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար, թէ ինչ պիտի հագնիք»: «Ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար»(Մտ 6.25): Մտահոգուելով մեր մտքերը կը ծանրաբեռնենք, մեր ժամանակը կորուստի կը մատնենք, կը կասեցնենք մեր գործունէութիւնը: Մեզի կեանք պարգեւող Աստուծոյ վստահելով է, որ կրնանք դիմակալել կեանքէն եկած դժուրութիւններն ու մարտահրաուէրները:

Մեզի ձգուած է նախընտրութիւն մը կատարել, հոգեւորի եւ մնայունի, նիւթականի եւ անցողակի արժէքներու միջեւ: « Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել»(Մտ 6. 24), կ’ըսէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս: Երկուքը միասին ձեռք ձգելը դժուար է մեզի արարածներուս համար ,Աստուծոյ վստահելով եւ հնազանդելով կրնանք ապահովել մեր հոգիներու փրկութիւնը եւ ապահով զգալ Իր ներկայութեամբ:

Ապա մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ.«Մտահոգուիլը կանգով մը կ’երկարէ՞ ձեր հասակը: Եթէ նուազագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուիք»(Ղկ 12.25-26): Միայն Աստուծոյ վստահելով է,որ կրնանք ձերբազատուիլ մեր դիմաց ծառացած դժուարութիւններէն:
 

Հետեւաբար, Քրիստոս Աստուծոյ վստահելով, կրնանք մեր հոգեկական եւ մարմնական հանգիստին արժանանալ:

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 5.19-30

ՈՐԴԻԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ: Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ: Հայրը կը սիրէ Որդին եւ անոր ցոյց կու տայ ինչ որ ինք կը կատարէ: Տակաւին ձեր տեսածներէն աւելի սքանչելի գործեր ալ ցոյց պիտի տայ Որդիին, այնպէս որ դուք պիտի զարմանաք: Ինչպէս որ Հայրը մեռելներէն կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ անոնց,նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ իր ուզածներուն: Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր,այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին,որպէսզի բոլորն ալ պատուեն Որդին, ինչպէս որ Հայրը կը պատուեն: Ան որ չի պատուեր Որդին,չի պատուեր Հայրը որ զայն ղրկած է:

Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւի-տենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է: Հաստա՛տ գիտցէք, ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է,երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին: Որովհետեւ, ինչպէս որ Հայրը կեանք պարգեւելու զօրութիւնը ունի իր մէջ, այդ զօրութիւնը տուած է նաեւ Որդիին:Նոյնպէս ալ դատելու իշխանութիւնը տուաւ Որդիին,որովհետեւ անիկա Մարդու Որդին է: Ուրեմն մի՝ զարմանաք որ ըսի, թէ ահա կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս գան.անոնք որ բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ ապրին,իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին: Ես ինձմէ չեմ կրնար դատել,այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ.եւ ուրեմն իմ դատաստանս ադար է,որովհետեւ կը գործադրեմ ո՛չ թէ իմ կամքս,այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց:

Քրիստոսի յարութեան լոյսը՝ Յինանց Կարմիր Կիրակիի յիշատակին կը պայծա-ռացնէ մեր հոգիները եւ աստուածային կամքի լուսաշող ուղին կը պարզէ մեր առջեւ,որպէսզի անկէ յառաջանալով՝ արժանանանաք միեւնոյն յարութեան կենարար եւ անմահարար շնորհքին:
 

Աստուածային կամքի գործադրութիւնը պարտաւորութիւնն է թէ՝ երկնային լուսեղէն եւ թէ՝ երկրային մարմնաւոր էակներուն: Աստուծոյ կամքը կատարել չի նշանակեր նուաստանալ ու տկարանալ,այլ բարձրանալ դէպի Աստուած եւ զօրանալ ու մասնակից դառնալ աստուածային փառքին ու զօրութեան:

Աստուածորդին եւս Հօր Աստուծոյ կամքով աշխարհ եկաւ, որպէսզի կատարէ իր Հօրը կամքը որ երկինքի մէջ է: Քրիստոս յաճախ վկայեց այս մասին ըսելով«Կը գործադրեմ ոչ թէ իմ կամքս,այլ կամքը Անոր,որ զիս ղրկեց» (Յհ 5.30): Այլ առիթով նաեւ ըսաւ. «Ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու,այլ կամքը Անոր՝ որ զիս ղրկեց» (Յհ 6.38):

Հայրն Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց,որպէսզի մարդոց սորվեցնէ աստուածային կամքին հնազանդելու կանոնները,ինչպէս երկնքի մէջ, նոյնպէս ալ երկրի վրայ: Այս նպատակաւ էր,որ Յիսուս Տէրունական աղօթքով,սորվեցուց աշակերտներուն.«Թող կատարուի Քու կամքդ,ինչպէս որ երկնքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ» (Մտ 6.10):

Աստուծոյ կամքը մարդոց փրկութիւնն ու յաւիտենական կեանքը ժառանգելն է եւ Յիսուսի իսկ բառերով. «Զիս ղրկող Հօրս կամքն է,որ չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (Յհ 6.39): Յիսուս կատարելապէս գործադրեց Հօր Աստուծոյ կամքը եւ խաչին վրայ մարդկութեան մեղքը ուսերուն վերցուցած իր արիւնով եւ փրկութեան շնորհքը պարգեւեց:

Աստուած մարդուս կեանք տուած է, որպէսզի մարդը նախ Աստուծոյ կամքը կատարէ,ապա սիրէ իր նմանը եւ օգտակար դառնայ իր շրջապատին:

Երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կարելի է կատարել, եթէ մարդ արարած գիտակցի իր կոչումին եւ պատրաստակամութիւն ունենայ զայն իրագործելու: Աստուծոյ կամքը կարելի չէ իրականացնել եթէ, վերջինիս հաճ հաւանութիւնը եւ կամեցողութիւնը չըլլայ: Աստուած իր կամքը չի պարտադրեր մարդուն,որովհետեւ զայն ստեղծած է ազատ կամքով, հետեւաբար կը յարգէ մարդուն ազատութիւնը:Սակայն յստակ է, որ եթէ մարդ չի կատարէ Աստուծոյ կամքը՝ կը զրկուի փրկութեան շնորհքէ:

Հաւատացելը յաճախ հարց պէտք է տայ ինքզինքին, թէ Աստուած ի՞նչ կ’ուզէ իրմէ:Առաքելական նամակներուն մէջ պատասխանը շատ յստակ է. «Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք» (Ա.Թս 4.3): Ուստի որեւէ արդար մտածում, խօսք կամ գործ, որ սուրբ է՝ Աստուծոյ կամքին արտայայտութիւնն է, իսկ հակառակը՝ Աստուծոյ կամքին դէմ է:

Սակայն յստակ է,որ մարդիկ հեռացած են Աստուծմէ,ամենուրեք պատերազմ, աւեր, սպաննութիւն,մեղք ապականութիւն, Յիսուս նախօրոք զգուշացուց մեզ ըսելով. «Զանազան տեղերէ սով, համաճարակ եւ երկրաշաժներ տեղի պիտի ունենան«, «Այն ատեն շատեր իրենց հաւատքը պիտի կորսնցնեն,զիրար պիտի մատնեն եւ զիրար պիտի ատեն»: «Անօրէնութեան բազմանալուն պատճառով շատերուն սէրը պիտի ցամքի» (Մտ24.7-14): Մարդիկ դժբախտաբար իրենց կամքը հակադրելով աստուածայինին՝ իրենց կամքը կը գերադասեն եւ իրարու կը պարտադրեն:

Հետեւաբար աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած,յինունքի օրերը թող հաւատքի բոցավառ եւ փրկութեան օրեր դառնայ մեզի համար,թող հրկիզէ մեր մեղքերն ու մեղսասէր կամքը եւ աստուածային կամքի գործադրութեան հաստատուն առաջադրանքով զօրացնէ մեզ,որպէսզի Քրիստոսի հետ ըսենք.«Կը գործադրեմ ոչ թէ իմ կամքս, այլ կամքը Անոր՝ որ զիս ղրկեց»(Յհ 5.30):

ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

Զատկուան երրորդ Կիրակին կը կոչուի Կարմիր Կիրակի:

Հայերու մօտ սովորութիւն դարձած էր այս օրը իրենց տան թոնիրները կարմրագոյն դալար ոստերով զարդարել եւ կարմիր զգեստներ հագնիլ ու եկեղեցի երթալ: Եկեղեցւոյ վարագույրը, պատարագիչ եկեղեցականին զգեստը,ինչպէս նաեւ դպիրներուն շապիկները այդ օրուան համաձայն կարմիր կ’ըլլային:
 

Կարմիր Կիրակիին մէջ կարելի է այլաբանական իմաստով մը, նմանութիւն տեսնել, Քրիստոսի արիւնով ծաղկած կիրակին եւ հիմնուած եկեղեցին:Այս առնչութեամբ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս, օրուան խորհուրդը մեկնաբանելով եւ Կարմիր Կիրակիի նուիրուած տաղ մը կը մէջբերէ, որ նմանութիւն կայ Կարմիր Կիրակիի եւ Քրիստոսի թափած արեան միջեւ.

«Կարմիր անուանի, օրն այս նազելի.

Զի Տէրն երեւի, որպէս Զատկի.

Օրն Կիրակի, եւ այն զի կոչի.

Կարմիր Կիրակի, եւ յոյժ պատշաճի.

Զի արեամբ ծաղիկի»: (Քրիստոնէական)

Ոմանք Կարմիր Կիրակին նուիրուած կը տեսնեն Յիսուսի աշակերտներուն յայտնուելուն, Պետրոսի ուրացումին եւ ներում ստանալուն:

Կարմիր Կիրակիին սովորութիւն դարձած էր երթալ բացօթեայ վայրեր եւ նոր ծաղկած բնութիւնը վայելել: Անկասկած,գարնանային եղանակի եւ արգասաւորութեան իմաստը կայ Կարմիր Կիրակիի տօնակատարութեան մէջ,որ հաւանաբար կապ ունի նաեւ բնութեան պաշտամունքին եւ երկնքի պայծառացումին հետ:

Սովորութիւն էր նաեւ Ս.Պսակի արարողութեան ընթացքին կանաչ եւ կարմիր թաշկինակ կապել նորապսակ զոյգի պարանոցին,որպէս խորհրդանիշ արգասաւորութեան:

Կարմիր Կիրակիի այս գեղեցիկ սովորութիւնները այժմ մոռացուած են, լաւ կ’ըլլայ, որ վերակենդանանան հայեցի տոհմիկ սովորութիւնները:
 

                                                                                       Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան