ՏՕՆ ԵՐԵՒՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

ՏՕՆ ԵՐԵՒՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

                       
ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 7.14-24:
          
Տաղաւարահարաց տօնակատարութեան մօտաւորապէս կէսին, Յիսուս տաճար ելաւ եւ սկսաւ ուսուցանել:

Հրեաները կը զարմանային եւ կ’ըսէին.
 -Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք:
 

Յիսուս պատասխանեց անոնց.
-Ինչ որ ձեզի կ’ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց: Ով որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ: Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ:

Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ. սակայն ձեզմէ ո՛չ ոք կը հնազանդի Օրէնքին: Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել:
Ժողովուրդը պատասխանեց.

-Դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել:

Յիսուս պատասխանեց.

-Հրաշք մը գործեցի եւ բոլորդ վրդովեր էք: Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները- թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ ձեր նախահայրերը – եւ  դուք ձեր զաւակները կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի  Մովսէսի Օրէնքը, Ինչո՞ւ զայրացած էք ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով: Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք:
 
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կ’ուսուցանէր իմաստութեամբ, եւ Աստուծոյ զօրութեամբ, նույնիսկ հակառակորդները կը վկայէին իր մասին. «Վարդապե՛տ,գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլա»(Յհ 3.2): Քրիստոսի փոխանցած ուսուցումները Աստուծոյ կամքին համաձայն էին,այլ խօսքով՝ Յիսուսի արտասանած իւրաքանչիւր գաղափար աստուածային վարդապետութիւն է:

Այս ճշմարտութիւնը գիտնալով հանդերձ, անհաճոյ կը թուէր հրեայ ղեկաւարներուն, որոնք Յիսուսը ամբաստանելու պատեհ առիթի մը կը սպասէին:

Տաղաւարահարաց տօնին, երբ Յիսուս տաճարին մէջ կ’ուսուցանէր,հրեաներ զարմանքով  կ’արտայայտուէին ու կ’ըսէին.«Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ Գիրքերը գիտէ,երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք» (Յհ 7.15): Քրիստոս համարձակօրէն ցոյց կու տայ թերահաւատ հրեաներուն թէ իր վարդապետութիւնը Աստուծմէ է եւ ոչ՝ մարդոցմէ: Քրիստոս աշխարհ եկած էր Հօր Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ Անոր փառքը արտացոլացնելու ինչպէս որ առաքեալը կ’ըսէ.«Մենք տեսանք անոր փառքը,փառքը Միածինին,որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յհ 2.14):

Աստուծոյ խօսքին յաւիտենական եւ ճշմարիտ ըլլալը կը հաստատուի.

ա- Մարգարէական գիրքերէն,եւ Աստուածաշունչի մասնագէտներու վկայութիւններէն:

բ-Աստուծոյ խօսքին այժմէականութենէն,որ մշտանորոգ է,եւ բոլոր ժամանակներու համար ըսուած:
           
Ասոր համար Եսայի մարգարէ կ’ըսէ.«Խոտը կը չորնայ եւ ծաղիկը կը թափի, բայց Տիրոջ խօսքը յաւիտեան կը մնայ»(Ես 40.6-8): Քրիստոս ալ կը հաստատէ ըսելով.«Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան,խօսքերս պիտի չանհետանան» (Մտ 24.35):
           
Եթէ երբեք մարդկային հեղինակութեան արդիւնք ըլլային Քրիստոսի վարդապետութիւնը, յաւիտենական արժէք պիտի չունենային,որովհետեւ Յիսուսի վեհ եւ  մնայուն արժէքներ մարմնաւորող ուսուցումները սերտ առնչութիւն ունին մարդկային կեանքը ազնուացնելու,գեղեցկացնելու եւ դէպի մնայունին ձգտելու գաղափարներուն:
           
Հրեաներուն միտքը խաւարած էր,անոնք չուզեցին տեսնել Քրիստոսի անձէն ճառագայթող ճշմարիտ լոյսը,որ կեանքի կ’առաջնորդէ,որովհետեւ ծայրայեղութիւնն ու այլամեժութիւնը կուրցուցած էր զիրենք:
           
Ներկայիս ալ բազմաթիւ են նման գաղափարի տէր մարդիկ,որոնք կը փորձեն մշուշապատել ճշմարտութիւնը,պղտորելու մարդոց հոգիի աչքերը,որպէսզի զրկուին Քրիստոսի լոյսէն,այդպիսիներուն համար մեր Տէրը ըսաւ.«Վա՜յ ձեզի,կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ,որ երկնքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ.դուք չէք մտներ եւ թոյլ չէք տար նաեւ անոմց՝ որ կ’ուզեն մտնել»(Մտ 23.13):Իսկ երանելի է ան որ իր կեանքի ընթացքին կ’ընդունի Քրիստոսը որպէս Տէր եւ փրկիչ.«Որ բոլորէն վեր եղող յաւէտ օրհնեալ Աստուած է:Ամէն:»(Հռ 9.5):
 
                                          ՏՕՆ ԵՐԵՒՈՒՄՆ  ՍՈՒՐԲ  ԽԱՉԻ
           
Հայաստանեայց Առաքելական Ս.Եկեղեցին Ս. Խաչին նուիրուած  ունի չորս տօներ.
            ա-Երեւումն Ս. Խաչի:
            բ-Գիւտ Խաչի:
            գ-Վերացման Ս. Խաչի:
            դ-Վարագայ Ս. Խաչի:
           

Շաբթուան հիմնական տօնը Երեւումն Ս.Խաչին է, որ հայերս կը տօնենք Ս.Յարութեան տօնին հինգերորդ կիրակին,իսկ յոյներ՝ Մայիսի 7 ին: Այս տօնը յատուկ է միայն հայերուն եւ յոյներուն:
           
Յիշեալ տօնը յիշատակութիւնն է Երուսաղէմի մէջ Ս. Խաչի նշանին երեւման:

 351 թուին Մայիսի 7ին, Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի օրով, Ս. Խաչը օր ցերեկով կ’երեւի, Երուսաղէմի գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լերան երկնակամարը ծածկելով:
           
Լուսաճաճանչ Ս. Խաչի նշանը բացայայտօրէն կ’երեւի թէ՝ քրիստոնեաներուն եւ թէ ոչ քրիստոնեայ օտարներուն,ուստի բոլորը եկեղեցի մտնելով կը փառաբանեն զԱստուած իրենց շնորհուած այս հրաշալի դէպքին համար:

Կիւրեղ Երուսաղիմացի Հայրապետ այս սքանչելի դէպքը կը նկարագրէ նամակով մը,եւ զայն կ’ուղղէ  Բիւզանդիոնի  Կոստանդիանոս կայսրին,որուն մէջ նաեւ կը գրէ անոր հաւատքը ամրապնդող խօսքեր: Կիւրեղ հայրապետի այս գրութիւնը թարգմանուած է հայերէնի եւ կ’ընթերցուի Երեւման  Ս. Խաչի տօնին առթիւ: Հայ հաւատացեալներ մինչեւ այսօր ջերմերանդութեամբ կը յիշատակեն Ս.Խաչի Երեւման տօնը,որպէսզի Աստուած միշտ առաջնորդէ զիրենք Ս.Խաչի լուսապայծառ ճանապարհով:

Մեջբերում մը կը կատարենք, Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի նամակէն.

            «Աստուած, քու թագաւորութիւնդ սիրելով, քու  օրով հրաշալի երեւոյթ մը կատարեց: Քանզի աստուածասէր   եւ երջանկայիշատակ հօրդ Կոստանդիանոսի ժամանակ Աստուծոյ շնորհքով փրկական Սուրբ Խաչը գտնուեցաւ Երուսաղէմի  մէջ,իսկ քու օրովդ,տէր ամենաբարեպաշտ թագաւոր,ոչ թէ երկրի վրայ այլ երկնքի երեսին զարմանալի գործեր տեղի ունեցան: Որովհետեւ,մահուան դէմ տարած յաղթութեան նշանը, այսինքն՝ երանելի Խաչը, լուսաւոր ճառագայթներով երեւցաւ Երուսաղէմի վրայ»:
 

ՆԱՄԱԿ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԻՒՐԵՂ ՀԱՅՐԱՊԷՏԷՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻԱՆՈՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ     
          

Սոյն նամակը 351 թուականին գրուած է եւ «առաջին ընծայումն» է Կիւրեղ Եպիսկոպոսէն։  Բազմաթիւ մղումներ կրնան պատճառ հանդիսանալ այս նամակին լոյս ընծայման համար։ Հաւանաբար ան զգաց է անհրաժեշտութիւնը ապացուցելու իր հաւատարմութիւնը Կոստանդիանոս Թագաւորին իր գահակալութեան սկզբնաւորութեան շրջանին, որովհետեւ Կայսրը կասկածեցաւ, որ Աթանասիոսը հակառակ կողմն էր։ Երկրորդ՝ Կիւրեղ հաւանաբար ակնկալեց հաւանական բախում մը Կայսրի եւ Արիոսական խմբակցութեան միջեւ, որուն Կայսրը կ՚աջակցէր, ու փորձեց իր համակրանքը այսպէս շահիլ։ Երրորդ՝ տեսիլքը առիթ տուաւ իրեն բարելաւելու Երուսաղէմի դիրքը Կեսարիոյ վրայ։

 Նամակ Կիւրղ Երուսաղէմի Եպիսկոպոսէն, յղուած Կոստանդիանոս Կայսրին՝ երկնքի մէջ երեւցած նշանին առիթով. Կիւրեղ, Եպիսկոպոս Երուսաղէմի, Աստուածասէր եւ բարեպաշտ Կոստանդիանոս Կայսրին՝ նախասիրուած Աստուծմէ Ողջոյն ընդ Տիրոջ, Այս առաջին ընծայումը սոյն նամակիս զոր աստուածասէր Վեհութեանդ կ՚առաքեմ Երուսաղէմէն , Ձեզի արժանաւվայել է որ ընդունիք, ինչպէս նաեւ ինծի վայել է որ յղեմ։ Նամակս գովասանք պիտի չընդգրկէ, այլ՝ պիտի հանդիսանայ որպէս արձանագրութիւն այն երկնային տեսիլքին զոր Աստուած մեզի տուած է։ Պիտի չըլլայ արուեստականօրէն կազմուած՝ պարունակելով համոզիչ հռետորական ասոյթներ, այլ Սուրբ Աւետարաններու խօսքերով, պիտի վկայէ իրողութիւնները ինչպէս որ պատահեցան։

Յաճախ կը պատահի որ ուրիշներ, իրենց անձնական գումարներով նաշխազարդուած թանկարժէք քարերով ոսկեպսակներ ղրկեն որպէսզի պսակուի, Ձեր պատուական գլուխը։ Սակայն մենք պիտի չ՚ընծայենք աշխարհիկ թագ մը, քանզի երկրաւոր ընծաներ ունին իրենց երկրաւոր վախճանը։ Մեր նպատակն է ամենայն փութով Ձեր աստուածապաշտ ուշադրութեան բերել երեւումը երկնային զօրութեան որ տեղի ունեցաւ երկնքի մէջ Երուսաղէմի վրայ Ձեր Աստուածահաճոյ գահակալութեան ընթացքին։ Չեմ ենթադրեր որ ես Ձեզ տգիտութենէ երկնային իմացականութեանց կ՚առաջնորդեմ, Ձեր բարեպաշտութիւնը արդէն Ձեզ կը սպառազինէ ուրիշներուն խրատելու։ Այլ, յոյսս է որ կը հաստատուիս այն իմացականութեամբ որ արդէն իւրացուցած էք եւ երբ կ՚իմանաք թէ ինչպէս Աստուած պատուած է իշխանական ճակատագիրը զոր արդէն ժառանգած էք Ձեր նախնեաց կողմէ աւելի հարուստ, երկնային պսակով, կարող էք այժմ, առաւել քան երբեւէ, Աստուծոյ վայել գոհութիւն ընծալել , Տիեզերական Թագաւորին, եւ դիմակայել Ձեր թշնամիները աւելի մեծ սրտով երբ կը հասկնաք թէ ինչպէս նշանը որ պատահած է ,Ձեր ժամանակին ստոյգ փաստ կու տայ որ Ձեր գահակալութիւնը իրականացումն է Աստուծոյ սիրոյ։                                     

Ձեր երանելի Հօր, երջանկայիշատակ եւ աստուածասէր Կոստանդինի ժամանակ, Խաչափայտին փրկութիւնը որ յայտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ, երբ Աստուծոյ շնորհքը վարձատրեց բարեպաշտութիւնը Անոր սեպուհ որոնումին՝ թաքուն սուրբ վայրերուն յայտնաբերմամբ։ Սակայն Դուք, Ամենաբարեպաշտ տէր, Կայսր, գերազանցած էք Ձեր հօրը բարեպաշտութիւնը աւելի մեծ երկիւղածութեամբ երկնայինին նկատմամբ, եւ Ձեր ժամանակով նշաններ այժմ երեւցած են ոչ թէ երկրէն այլ երկնքէն. այն յաղթանշանը որ մեր Տէրը եւ փրկիչը Յիսուս Քրիստոսը- Միածին Որդին Աստուծոյ, որով յաղթահարեց մահը- ես կ՚ակնարկեմ օրհնեալ խաչին_երեւցած է փայլատակող շանթի մը նման Երուսաղէմի վրայ։                                                                     

Այս Սուրբ օրերուն, Զատկուայ եղանակին, Եօթն Մայիսի, մօտաւորապէս երրորդ ժամուն, հսկայ լուսեղէն խաչ մը երեւեցաւ երկինքին մէջ Գողգոթայի վրայ, երկարելով մինչեւ Ձիթենեաց Լեռ։ Չերեւեցաւ միայն մէկ կամ երկու անձերու, այլ ճշմարտօրէն քաղաքի բոլոր բնակչութեան։ այնպէս մը չէր որ մէկը կրնար եզրակացնել, որ մէկը ժամանակաւոր զառանցում մը ապրած էր- երեւելի էր մարդկային աչքին երկրի վրայ բազմաթիւ ժամերու համար։ Ճառագայթները զորս արձակեց աւելի պայծառ էին քան արեւի շողերը, որոնք աւելի պայծառ պիտի ըլլային եւ պղտորէին խաչը եթէ անոր կողքին աւեիլ ուժեղ լուսաւորութիւն մը չըլլար։ Ամբողջ ժողովուրդը մղեց որպէսզի միանգամայն դառնան դէպի Սուրբ Եկեղեցի, համակուած երկիւղով եւ երջանկութեան զգացումներով։ Երիտասարդներ եւ ծերեր, այրեր եւ կիներ ամէն տարիքի, նոյնիսկ երիտասարդ աղջիկներ փակուած իրենց տան սենեակներուն մէջ, բնիկներ (տեղացիներ) եւ օտարներ, քրիստոնեաներ եւ հեթանոսներ որոնք արտերկրէն եկած էին քաղաքս այցելութեան, միահամուռ կերպով բարձրացուցին փառաւորութեան երգ առ Աստուծոյ Միածին Որդին՝ հրաշագործը։ Անոնք ունեցան ապացոյցը իրենց սեփական զգայարանքներով, որ քրիստոնեաներուն Սուրբ Հաւատքը չէ հաստատուած փիլիսոփայական համոզիչ առարկութիւններու վրայ, այլ Սուրբ Հոգւոյն ՝ յայտնութեան եւ իշխանութեան- որ չէ հռչակուած սոսկական մարդկային արարածներու կողմէ, այլ, նոյնինքն երկինքէն Աստուծմէ վկայուած։

Հետեւաբար, մենք, քաղաքացիներս Երուսաղէմի, որ վկայեցինք այս զարմանահրաշ նշանին մեր սեփական աչքերով, մատուցած ենք պատշաճ պաշտամունքը եւ գոհաբանութիւնը առ Աստուած՝ Տիեզերական Թագաւորը եւ Աստուծոյ Միածին Որդին եւ պիտի շարունակենք կատարել, եւ Սուրբ Վայրերուն մէջ երկարատեւաբար աղօթած ենք Ձեր երանելի գահակալութեան համար եւ նոյնպէս պիտի շարունակենք կատարել։ Սակայն, քանզի չէր մեր պարտականութիւնը այս երկնային յայտնութիւնները լռութեան չտալ, սոյն նամակիս գրառումով փութացած եմ աւետիսը հաղորդելու Ձեր աստուածային Բարեպաշտութեան, որպէսզի սքանչելի հիմքը հաւատքին, որ արդէն Ձերն է, կարողանաք աւելցնել իմաստութիւնը որ կու գայ այժմեան երկնային յայտնութիւններէն։

Ուստի, կրնաք ըմբռնել աւելի ամրակուր յոյս մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մէջ, եւ ինչպէս մէկը որ Աստուած ունի որպէս զինակից, Ձեր ժառանգած համարձակութեամբ եւ քաջութեամբ, եւ Ձեր բոլոր ձեռներեցութեամբ, կարողանաք կրել յաղթանշան Խաչը, Պարծանաց Պարծանքը, շալկելով յառաջ նշանը որ մեզի երեւեցաւ երկինքի մէջ, որ երկինքը կատարած է աւելի մեծ պարծանք ապացուցելով Իր կազմը մարդ արարածին Համաձայնութեամբ, Աստուածասէր Կայսր, վկայութեամբ մարգարէներուն եւ Բանն Քրիստոսի պարունակուած Սուրբ Աւետարաններուն մէջ, սոյն նշանը կատարուած է այժմ եւ պիտի կատարուի աւելի ամբողջապէս։

Քանզի Աւետարանը ըստ Մատթէոսի կ՚ըսէ որ Փրկիչը շնորհեց Իր երանելի Առաքեալներուն իմաստութիւնը ապագայի դէպքերուն եւ անոնց ընդմէջէն նախագուշակեց յաջորդողներուն ամէնէն պարզ ասացուածքներով։ Եւ յայնժամ երեւեսցի նշան Որդւոյ մարդոյ յերկինս (Մտ. ԻԴ. 30)։ Երբ ի ձեռին առնէք երկնային մատեանը Աւետարանին, ինչպէս է սովորութիւնն Ձեր, պիտի գտնէք հոն արձանագրուած մարգարէական վկայութիւնները այս դէպքէն։ Ձեզ կը յանձնարարեմ, տէրս, բոլոր մարդոցմէ առաջ, որպէսզի աւելի ժամանակ յատկացնէք ուսումնասիրելու այս բառերը, որ կը յաջորդեն այս հատուածին։ Քանզի մեր Փրկչին գուշակութիւնները կը պահանջեն մեր ամէնէն պատուական ուշադրութիւնը եթէ պիտի վնաս չկրնեք այն ուժէն որ մեզի հակառակ է։ Այս  բառերս, Կայսր Աստուածասէր, առաջին ընծայումներն են որ Ձեզ կը յղեմ, ասոնք առաջին ուղերձս են Երուսաղեմէն Ձեզի ուղղուած, մեր ամենասեպուհ եւ բարեպաշտ հաւատակից Քրիստոսի, Միածնի Որդւոյն Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին, որ աշխարհին փրկութիւնը կատարեց Երուսաղեմի մէջ ըստ Սուրբ Գրոց, որ այստեղ մահը խորտակեց եւ սրբեց մարդկութեան մեղքերը իր անգին արեամբ, որ կեանք պարգեւեց, անմահութիւն եւ երկնային շնորհք բոլորին որոնք իրեն հաւատացին։

Զինուած Իր իշխանութեամբ եւ շնորհքով, զատորոշուած աւելի մեծ ու աւելի փառաւոր ու բարեպաշտ յաջողութիւններով, բերկրալով իշխանական հարցով ազնուական որդւոց, ստանաք պաշտպանութիւն Աստուծմէ, Տիեզերական Թագաւորը, ամենայն Բարութեանց աղբիւրը, յաջորդականութեամբ լի խաղաղ տարիներով որպէսզի ընտանեօք միասին, կարողանաք մնալ փառքը աշխարհի բոլոր Քիրստոնեաներուն։ Թող Ամենակալ Տէրը Ձեզի պահը քաջառողջ մեզի համար եւ պարգեւէ ամենայն առաքինութիւն։ Կարողանաք շարունակել ապացուցելու Ձեր աւանդական բարեգործութիւնը Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հռովմէական Կայսրութեան նկատմամբ։ Աստուածասէր Օգոստոս Կայսր, թող որ Դուք ու Ձեր ընտանիքը բերկրիք աւելի մեծ վարձատրութիւններով Ձեր աստուածսիրութեամբ, յաջորդականութեամբ բազմաթիւխաղաղ տարիներով։                                                                                                            

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան