ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԵՒ ԱՆԵՂ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ մեզի, որ Սուրբ Հոգին Աստուած է եւ Երրորդութեան մէկ անբաժանելի եւ համահաւասար անձնաւորութիւնը։ Այս ճշմարտութիւնը յստակ կը տեսնենք, երբ Տէր Յիսուս կը պատուիրէ. «Հետեւաբար գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով» (Մտ 28։19)։ Այնուհետեւ, եթէ Սուրբ Հոգին Աստուած չէ, ինչո՞ւ զինք մկրտութեան մէջ կը դնենք Հօր եւ Որդւոյ կողքին։

Կարեւոր է խօսիլ Սուրբ Հոգւոյ Աստուածութեան մասին, որովհետեւ շատեր այդ մէկը չեն գիտէր, կամ ինչպէս եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, այսօր ալ կրնանք հանդիպիլ անհատներուն կամ խմբակցութիւններու, որոնք Ս. Հոգին լիարժէք Աստուած չեն նկատէր։

Սուրբ Հոգին Աստուած է, եւ կը բղխի Հայր Աստուծմէ։ Այս կը հաստատէ ինք Յիսուս։ «Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինինք Սուրբ Հոգին, որ ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ’ելլէ, անիկա ճշմարտութիւնը  պիտի պատմէ եւ վկայէ իմ մասիս» (Յհ 15.26)։  Այստեղ «ելլել» բառը, որ աստուածաբանութեան մէջ փոխարինուած է «բղխիլ» հոմանիշ բառով, կը նկարագրէ Սուրբ Հոգւոյ յաւիտենական ու անընդհատ ծագումը Հօրմէն։ Ինչպէս ջուրը կը բղխի աղբիւրէն, բայց երբէք չի բաժնուիր անկէ, նոյնպէս Սուրբ Հոգին մշտապէս կը բղխի Հօրմէն՝ առանց անկէ բաժնուելու։ Եւ երբ Սուրբ Հոգին իր սկիզբը ունի՝ անսկիզբ Հայրը, Հօր պէս կ’ըլլայ անսկիզբ, յաւիտենական, անժամանակ է եւ կ’ունենայ նոյն բնութիւնը, նոյն կամքը, իշխանութիւնը, զօրութիւնը եւ կամքը։

Սուրբ Հոգիին համար «անեղ եւ կատարեալ» բառերը կը գործածենք։ Այս երկու բառերը, կ’ամփոփեն եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը Սուրբ Հոգիին մասին։ «Անեղ» կը նշանակէ «եղած չէ»,  «ստեղծուած չէ», մեզի պէս արարած չէ, այլ կատարեալ է՝ ինքնագոյ է, ստեղծիչ է, ուստի՝ կատարեալ Աստուած։

Աւետարանին մէջ, առաջին հաւատացեալներուն մասին վկայութիւն մը կը կարդանք, որոնք իրենց ստացուածքները կամովին ծախելով, ամբողջ գումարը կը յանձնէին առաքեալներուն, որպէսզի առաքեալները այդ գումարներով օգնէին կարիքաւոր հաւատացեալներուն։ Անանիան եւ իր կինը՝ Սափիրան, երբ դրամէն բաժին մը պահեցին, առաքեալը հետեւեալը ըսաւ իրեն. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանային փորձութեան տեղի տուիր եւ յանդգնեցար Սուրբ Հոգին խաբել՝ արտին դրամին մէջէն մաս մը վերցնելով։ Որքան ատեն որ չէիր ծախած՝ քուկդ չէ՞ր. Ծախելէդ ետքն ալ կրնայիր զայն քեզի պահել։ Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբէբայութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ՝ զԱստուած փորձեցիր խաբել» (Գրծ 5։3-4)։

Ուրիշ երկու օրինակներ տալու համար, յիշենք Պօղոս առաքեալին խօսքը, որ կ’ըսէ. «չէ՞ք գիտէր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ»։ (Ա. Կր 3։16)։ Եթէ մենք Աստուծոյ տաճար են, եւ այդ տաճարին մէջ Սուրբ Հոգին կը բնակի, կը նշանակէ որ Սուրբ Հոգին Աստուած է. քանի որ տաճարը միայն Աստուծոյ կը պատկանի։ Առաքեալը ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ. «թէպէտեւ շնորհքները զանազան են, բայց նոյն Հոգին է զայն տուողը։ Զանազան հոգեւոր պաշտօններ կան, այո՛, բայց նոյն Տէրն է զայն բաշխողը» (Ա. Կր 12։4-5)։

Եզրակացնելու համար, Սուրբ Հոգին Աստուած է՝ կատարեալ, անեղ, եւ յաւիտենական։ Ան Հայրը չէ եւ Որդին չէ, այլ առանձին անձնաւորութիւն, նոյն Աստուածութիւնը կրող։ Եկեղեցին հաւատաց եւ կը շարունակէ հաւատալ Սուրբ Երրորդութեան այս խոր ու սուրբ խորհուրդին՝ Հայրը՝ Աստուած, Որդին՝ Աստուած՝ Հոգին՝ Աստուած, որոնք երեք Աստուած չեն, այլ մէկ Աստուած։

Շարունակելի

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան