ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Մեծ Պահոց եօթներորդ Կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ, որ կը ներկայացնէ Յիսուսի հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ, եւ ժողովրդական խանդավառ ընդունելութիւնը «Ովսաննա՜, Օրհնեալ է թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով. Խաղաղութի՜ւն երկնքի մէջ եւ փա՜ռք Բարձրեալին  Օրհնութիւն»(Ղկ 19.38):

Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը մաս կը կազմէր Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին: Աստուած Զաքարիա մարգարէին բերնով ըսած էր. «Երուսաղէմի ըսէք. -Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ» (Մտ 21.5):

Կանխաւ ըսուած մարգարէութիւնը իրականացաւ Քրիստոսով. «Պէտք է որ իրականանային Մովսէսի Օրէնքի գիրքին, մարգարէական գիրքերուն եւ սաղմոսներուն մէջ իմ մասիս գրուածները» (Ղկ 24.44): Այս խօսքերով Քրիստոս գործնականապէս ցոյց տուաւ իր անձին խոնարհութիւնը եւ Հօր Աստուծոյ հնազանդութիւնը: Ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերէն Յովհան Ոսկեբերան հիացումով կ’արտայայտուի ըսելով. «Երկնաւոր Երուսաղէմի երկրաչափը երկրաւոր Երուսաղէմ մուտք գործեց ո՛չ թէ հրեղէն կառքով, այլ՝  հեզ աւանակով»:

Ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց Քրիստոսը, սովորականէն տարբեր ընդունեցին զինք՝ արմաւենիի ոստեր, ձիթենիի ճիւղեր գետնատարած սփռելով։

Օրհնութիւններ երգելով եւ ովսաննաներ կանչելով կը փառաւորէին զԱստուած:

Արմաւենին կը խորհրդանշէ արդար մարդը, ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի» (Սղ 92.12): Ձիթենիի ճիւղերը խաղաղութիւն կը խորհրդանշէ: Նոյ նահապետ երբ երկրորդ անգամ տապանէն աղաւնի մը արձակեց, աղաւնին վերադարձաւ ձիթենիի ճիւղով, ինչ որ ցոյց կու տար, թէ ջուրերը նուազած են, եւ խաղաղութիւն կը տիրէ ամէն կողմ:

Աստուած խաղաղութիւն հաստատեց իր Միածին Որդիով: Պօղոս առաքեալ կը վկայէ ըսելով. «Անոր ձեռքով ուզեց իր հետ հաշտեցնել ամէն բան, երկնքի մէջ թէ երկրի վրայ, խաղաղութիւն հաստատելով խաչի վրայ մահուամբն անոր» (Կղ 1.20):

Հրեաներ կը կարծէին թէ Յիսուս եկած է երկրաւոր թագաւորութիւն հաստատելու, որովհետեւ կը հաւատային թէ Մեսիան պիտի գար ազատագրելու զիրենք հռոմէական իշխանութեան լուծէն: Սակայն Յիսուս աշխարհ եկաւ մարդկութիւնը ազատելու մեղքի գերիշխանութենէն: Հրեաները իրենց այլամերժութեան պատճառաւ կուրցած էին, քանի չկրցան հասկնալ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան նպատակը:

Ծաղկազարդի տօնին առթիւ կան ժողովրդական կարգ մը սովորութիւններ, որոնք աւելի յատկանշական կը դարձնեն օրուան տօնախմբութիւնը:

Ծաղկազարդի տօնին, եկեղեցին կը զարդարուի՝ արմաւենիի ոստերով եւ ձիթենիի ճիւղերով: Փոքրիկներ նոր զգեստներով, զարդարուած մոմերը  ձեռքերնին մաս կը կազմեն եկեղեցական թափօրին: Նորապսակ զոյգեր, նոյն օրը եկեղեցիէն կ’ուղղուին դէպի հարսին ծնողքին այցելելու:

Ծաղկազարդի օրը նաեւ ժողովրդական սովորութեան համաձայն կը տօնախմբուի գարնանային եղանակի սկիզբը, ինչպէս յստակ է եւ նշմարելի բոլորին, ամէն կողմ բնութեան ծաղկումը, նոյն օրը եկեղեցւոյ մէջ ձիթենիի ճիւղեր կ’օրհնուին եւ կը բաժնուի ներկայ հաւատացեալներուն:

Ծաղկազարդի օրը, երեկոյեան հայ եկեղեցւոյ մէջ դռնբացէքի արարողութիւն կը կատարուի: Այս արարողութիւնը կը խորհրդանշէ, Յիսուսի յաճախ խօսած վերջին դատաստանի գաղափարի գործնական արտայայտութիւնը: Դռնբացէքի արարողութիւնը հաւատացեալները կը պատրաստէ յաւիտենական կեանքի: Այս արարողութիւնը երկխօսութիւն մըն է երկրաւորներուն եւ երկնայիններուն միջեւ, սրտառուչ եւ ազդեցիք տպաւորութիւն կը թողու հաւատացեալներուն վրայ:

 Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան