2025 թուականը ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ համար հոգեկան ցնծութեան ու բերկրութեան տարի է, որովհետեւ իր կաթողիկոսին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետի ընտրութեան ու օծման 30-ամեակը կը բոլորէ՝ իբրեւ ազգընտիր Հայրապետ Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին։
Արդարեւ, մեր Սուրբ Աթոռը, իր Միաբանութեամբ ու թեմական կառոյցներով, 2025 տարուան ընթացքին կը նշէ Վեհափառ Հայրապետին երեսնամեայ գահակալութիւնը՝ զանազան ձեռնարկներու ճամբով։ Առ այդ, Շաբաթ, 14 Յունիս 2025-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմը կազմակերպած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ տօնախմբելու համար Նորին Սրբութեան կաթողիկոսական ընտրութեան ու օծման 30 ամեակը։
Լիբանանի ու Հայաստանի հանրապետութիւններու քայլերգներու աւարտին, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Մխսեան։ Բարի գալստեան խօսքերու արտասանումով՝ ան ներկայացուց օրուան պաշտօնական յայտագիրը։ Այս առիթով յանուն Լիբանանի Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան ու ազգային իշխանութեանց խօսքեր արտասանեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար եւ ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ Վարդինէ Օհանեան Գէորգեան եւ ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան։ Երաժշտական կատարողութեամբ ելոյթ ունեցան Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլէճի «Մեղեդի» լարային քառեակը։
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, մասնաւորապէս այն իրողութեան համար, որ Վեհափառ Հայրապետը 1978 թուականէն սկսեալ, որպէս Լիբանանի թեմի առաջնորդ, սերտօրէն առնչուեցաւ լիբանանահայ կեանքին ու 30 տարիներէ ի վեր, նաեւ իր ուսերուն վրայ կրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետական Սուրբ Աթոռի ծառայութեան ամենածանր պատասխանատուութիւնը, եւ հակառակ այն իրողութեան, որ անցնող տասնամեակներուն իրերայաջորդ ու իրական տագնապներն ու աղէտները անպակաս եղան մեր կեանքէն, Հայրապետին գահակալութեան շրջանը հանդիսացաւ Կաթողիկոսութեանս ժամանակակից պատմութեան ամենաբեղուն ու ամենաշքեղ հանգրուանը: Իր խօսքի աւարտին Շահէ արքեպիսկոպոս հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որպէսզի իր հայրապետական պատգամը ուղղէ ներկաներուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց արտասանուած խօսքերուն եւ երբեմն ալ չափազանցուած մտածումներուն ու արտայայտութիւններուն համար։ Ապա ան ըսաւ, որ ամեակները առիթ ու հրաւէր են ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը անցնող 30 տարիներու իր հովուապետական ծառայութիւնը բնութագրեց որպէս հաւատքի առաքելութիւն ու ազգային ծառայութիւն։ Ան նշեց, որ իր կեանքի այս երկու տարածքները իրարու հետ սերտօրէն առնչուած ու շաղախուած են եւ դարձած են առանցքը ու նպատակը իր հովուապետական ծառայութեան։ Ան աւելցուց, որ երեք սկզբունքներ յանձնառութիւններ, համոզումներ մղիչ ոյժը դարձան իր առաքելութեան եւ ծառայութեան. ա) եկեղեցին սոսկ կրօնական հաստատութիւն չէ, այլ Քրիստոսատուր առաքելութիւն է ու կոչում. բ) Անթիլիասը սոսկ վարչակազմակերպչական վայր չէ, այլ դէպի ժողովուրդ ուղղուող ժողովրդանուէր ծառայութիւն է. գ) կաթողիկոսը սոսկ գահ բարձրացող անձ չէ, այլ գահը իր կեանքով, իր ծառայութեամբ ու իր իրագործումներով բարձրացնող անձ է։
«Թող ժողովուրդը արժեւորէ եւ պատմութիւնը դատէ՝ այն ինչ որ Արամ Կաթողիկոս կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով եւ, փոխադարձաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետին ճամբով, անցնող 30 տարիներու ընթացքին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ հաստատելով, որ կաթողիկոս ու կաթողիկոսութիւն մէ՛կ ամբողջութիւն են։ Այս գիտակցութեամբ մեր Սուրբ Աթոռը, անցնող 30 տարիներուն, իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ նոր որակ ու նոր հմայք տուաւ, Անթիլիասը դարձաւ ճառագայթող ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, Հայաստանէն սկսեալ եւ ի սփիւռս աշխարհի, եզրափակեց իր պատգամը Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով։